ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ուրֆա նահանգի Գերմուշ գիւղը գտնուող հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցին ոչնչացման եզրին է. այս մասին կ՛ազդարարէ Թուրքիոյ Մարդասիրական օգնութեանց միութեան ներկայացուցիչ Հատիճէ Թաքուշ, որ նաեւ կ՛աւելցնէ, թէ եկեղեցւոյ ամենահաւատարիմ «հիւրեր»ը այսօր գանձախոյզներն են:
«Եթէ այցելէք Գերմուշի եկեղեցին, ներսը եւ դուրսը պիտի տեսնէք բազմաթիւ մեծ ու փոքր անցքեր, որոնք կը փորուին մէկը միւսին ետեւէն՝ առանց նախորդները փակելու: Ճակատագիրի քմահաճոյքին յանձնուած, լքուած այս եկեղեցին օրէ օր կը քանդուի», կ՛ըսէ Թաքուշ:
Գերմուշը նախապէս հայաբնակ գիւղ եղած է, եւ ըստ Թաքուշի՝ հոն ապրած են մօտաւորապէս 700 հայ ընտանիքներ: Հայկական եկեղեցւոյ մէջ արձանագրութիւններ չեն պահուած եւ անոր կառուցման տարին յստակ չէ, սակայն կ՛ենթադրուի, որ անիկա 19րդ դարու կառոյց է: Շրջան մը անիկա օգտագործուած է իբրեւ գոմ:
Թուրքիոյ պաշտօնաթերթի 23 Հոկտեմբեր 2011ի թիւով հրապարակուած էր որոշում մը, ըստ որուն՝ մշակոյթի նախարարութիւնը սոյն եկեղեցին պիտի վերածէր զբօսաշրջութեան զարգացման կեդրոնի: Տարածքին մէջ ցուցանակներ եւս տեղադրուած են, բայց ցարդ վերականգնման համար որեւէ աշխատանք չէ սկսած:
Տեղացի մը պատմած է, թէ գիւղին մէջ եղած է այլ եկեղեցի մը, որ անխնամ մնալով՝ աստիճանաբար քանդուած է եւ այսօր անոր տեղը միայն քարերու կոյտ մը մնացած է: