ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ, 28 Ապրիլին, Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց այցելութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ Թաներ Աքչամի։ Անոր կ՛ընկերակցէր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի քաղաքական գիտութեանց դասախօս Յովհաննէս Կէօքճեան:
Դոկտ. Թաներ Աքչամ վեհափառ հայրապետին ներկայացուց Ցեղասպանութեան մասին հրատարակած իր նոր գիրքը եւ պարզեց յառաջիկայի իր ծրագիրները նոյն մարզէն ներս:
Յայտնենք, որ դոկտ. Թաներ Աքչամ մօտէն ծանօթ է կաթողիկոսին: Ան զանազան առիթներով այցելած է Անթիլիասի Մայրավանք եւ անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Թուրքիոյ դէմ բացած Սիսի կաթողիկոսարանի դատի իրաւական յանձնախումբին: