Շաբաթ, 14 Ապրիլին, Ուաշինկթընի Հայ առաքելական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւելեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 42րդ շրջանային ժողովը, մասնակցութեամբ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն եւ հրաւիրուած ներկաներու:
Կեդրոնական վարչութիւնը կը ներկայացնէր Հրայր Պարոնեան, իսկ շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն՝ Յովսէփ Աւագեան:
Յատկապէս քննուեցան երիտասարդութիւնը յուզող հարցեր, որոնց կարգին տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող Artlinks ծրագիրը: Այս գծով, հանդէս եկաւ ծրագիրի պատասխանատու Խաչիկ Մուրատեան, որ յաւելեալ բացատրութիւններ փոխանցեց: Օրակարգի վրայ էր նաեւ տարեկան դրութեամբ կազմակերպուած ուսանողական համախմբումը (ֆորում): Այս գծով, որոշուեցաւ յաւելեալ խանդավառութիւն ստեղծել երիտասարդ ուսանողներու մօտ:
Նաեւ, ժողովը գնահատեց Հիւսիսային Ամերիկայի երեք շրջաններու Շրջանային վարչութիւններու կատարած ժողովները:
Կատարուեցաւ միամիայ գործունէութեան բարոյական եւ նիւթական տեղեկագիրներու ընթերցումը: Առիթ տրուեցաւ լուսաբանական հարցումներու եւ ապա կատարուեցաւ ըստ էութեան քննարկում:
Աւարտին տեղի ունեցաւ ընտրութիւնը Շրջանային վարչութեան, որուն անդամներն են՝ Արեւիկ Գաբրիէլեան (Նիւ Եորք, ատենապետ), Անի Աղաճանեան (Ֆիլատելֆիա, ատենադպիր), Քարի Ղազարեան (Ֆիլատելֆիա, գանձապահ), Յասմիկ Աբրահամեան (Նիւ Ճըրզի, փոխատենապետ), Թալին Մավլեան (Նիւ Ճըրզի, խորհրդական), Նանօր Պարսումեան (Պոսթըն, Խորհրդական) եւ Հելենա Պարտաքճեան (Տիթրոյիթ, խորհրդական):