ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Հայկական աւանդներու ակումբին, Ուրբաթ, 27 Ապրիլի երեկոյեան, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Իսամ Ֆարես» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 103ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին թուրք պատմաբան, Մեսեչուսեցի «Քլարք» համալսարանի պատմութեան դասախօս փրոֆ. Թաներ Աքչամ զեկուցեց իր վերջին ուսումնասիրութեան մասին՝ «Սպանութեան Հրահանգներ. Թալէաթ Փաշայի Հեռագիրները Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» (Killing Orders; Talaat Pasha’s Telegrams and the Armenian Genocide), որ լոյս տեսաւ Յունուար 2018ին:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, Հայկական աւանդներու ակումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց ակումբի նախագահ Նարէ Աղասարգիսեան: Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք ան յայտնեց, որ աւելի քան 18 տարիներէ ի վեր համալսարանին Հայկական աւանդներու ակումբը կը կազմակերպէ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկներ ո՛չ միայն ոգեկոչելու հայոց սպանդը, այլ նաեւ լուսարձակի տակ առնելու պատմութեան բոլոր ցեղասպանութիւնները: Ապա բեմ բարձրացաւ համալսարանի Քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքի դասախօս դոկտ. Յովհաննէս Կէօքճեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօսը: Դոկտ. Կէօքճեան ընդգծեց, որ դոկտ. Աքչամ տարիներէ ի վեր կ՛աշխատի հաւաքել Հայոց Ցեղասպանութիւնը աւելի փաստացի հողի վրայ դնելու հիմքեր եւ պայքարիլ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան դէմ: Այս ծիրին մէջ ան ունի բազմաթիւ հրատարակութիւններ, որոնցմէ վերջինը՝ «Սպանութեան Հրահանգներ. Թալէաթ Փաշայի Հեռագիրները Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», հիմնաքար մըն է այս պայքարի ուղիին վրայ: Ան յայտնեց, որ եկող ամիս Աքչամ պիտի տիրանայ «Առանց ցեղասպանութեան աշխարհ« կազմակերպութեան 2018 թուականի «Արդարութեան համար պայքարող» տիտղոսին (2018 Outstanding Upstander Award from the World Without Genocide organization), ապա բեմ հրաւիրեց դասախօսը:
Դոկտ. Թաներ Աքչամին զեկուցումը հիմնականօրէն կը վերաբերէր Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութեան մեթոտներուն եւ անոնց դէմ պայքարելուն: Ան ընդգծեց, որ ժխտողական քաղաքականութիւնը ամբողջական մեքանիզմ մըն է, որ իրողութիւնները հերքելէ բացի նաեւ կը խեղաթիւրէ իրականութիւնները: Ան ըսաւ, թէ ժխտողական քաղաքականութիւնը քաղաքական պայքար մըն է, ուր «ուժ»ը կը գրէ «նոր» պատմութիւն մը, որպէսզի առաւելագոյն չափով ծածկէ փաստերը: Աքչամ թուեց Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ ժխտողական քաղաքականութեան հինգ փուլերը, զորս կը կիրարկէ Թուրքիոյ պետութիւնը, անոնք են՝ դէպքերու ստեղծում, նորաստեղծ դէպքերու արխիւացում, նորաստեղծ դէպքերու պատում, նոր պատմութեան գրութիւն եւ վերջապէս փաստաթուղթերու ոչնչացում: Ան բացատրեց, որ այսպիսով կը ստեղծուին երկու տարբեր տեսակի «իրականութիւններ»՝ մէկը դէպքը, որ տեղի ունեցած է, իսկ միւսը՝ դէպքը, որ հնարուած է: «Ժխտողական քաղաքականութիւնը ակադեմական հիմքերու վրայ ստեղծուած չէ, այլ‘ քաղաքական ուժի», ըսաւ ան:
Այս մասին խօսելով՝ Աքչամ նշեց, որ իր վերջին ուսումնասիրութիւնը կու գայ հակակշռելու այս ուժը՝ շնորհիւ իր արխիւային աշխատասիրութեան: Հոս կը գտնենք երկու հիմնական հաւաքածոներ՝ 1919-1921 թուականներուն թրքական ռազմական ատեանի փաստաթուղթերը եւ Արամ Անտոնեանի յուշերը: Ան բացատրեց, որ Ժխտողական քաղաքականութիւնը հնարուած արձանագրութիւնները առջեւ քշելով հարցականի տակ կը դնէ իսկական փաստաթուղթերը, իսկ իր այս գործը հմտօրէն կը բացայայտէ վերոնշեալ երկու հաւաքածոներուն վաւերականութիւնը: Աքչամ այս հաւաքածոներուն մէջ ուսումնասիրած է Նայիմ Էֆենտի անունով զինուորականի մը հեռագիրներն ու ձեռագիրները եւ զանոնք բաղդատած է Օսմանեան արխիւներուն հետ ու գտած ծածկագիրներու նմանութիւններ: Այս նմանութիւնները կը հաստատեն, որ հայկական կողմին ձեռք ձգած վաւերաթուղթերը ճիշդ են: Մէկ ժամ տեւած դասախօսութեան ընթացքին Աքչամ սահիկներու միջոցով մանրամասնօրէն ցոյց տուաւ հեռագիրներն ու անոնց ծածկագիրները, ուր կը ներկայացուին Նայիմ Էֆենտիի արձանագրութիւնները հայերուն ոչնչացման ու տեղահանութեան վերաբերեալ:
Աքչամ դասախօսութիւնը աւարտեց նշելով, որ ժխտողական քաղաքականութիւնը կը շարունակէ մերժել իսկական փաստերը եւ խեղաթիւրել իրականութիւնները՝ հնարելով «նոր» իրականութիւններ. այս իրականութիւնը երեւան կ՛ելլէ պատմաբաններու արդար եւ ճիշդ ուսումնասիրութեամբ, սակայն ժխտողական քաղաքականութեան դիմադրութիւնը կը պահանջէ ամբողջական պայքար, որ տեղի կ՛ունենայ բոլոր բնագաւառներուն մէջ եւ ժողովուրդին բոլոր խաւերուն մէջ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի բաժին: