Ամերիկահայ գործարար, միլիառատէր, բարերար, «Թրասինտա Քորփորէյշըն»ի գործադիր տնօրէն, Հայաստանի ազգային հերոս Գըրգ Գըրգորեանի մասին պատմող «Խաղացողը» գիրքը կը թարգմանուի հայերէնի:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսած եւ արդէն իսկ ամենաշատ վաճառուած գիրքին հեղինակը Ուիլեըմ Ճ. Ռեմփըլն է:
Գիրքը հայ ընթերցողին կը ներկայացուի «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ. վերջինս ձեռք բերած է գիրքը հայերէնի թարգմանելու եւ հրատարակելու բացառիկ իրաւունքը: Գիրքին թարգմանիչն է Ալինա Միրզոյեան։ Աշխատանքները այս պահուն կ՛ընթանան մեծ թափով: Այս մասին կը հաղորդէ «Փանորամա»ն:
«Գիտնալով, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսած է մեծանուն հայերէն մէկուն՝ Գըրգ Գըրգորեանի մասին գիրք մը, մենք մեծ փափաք ունէինք զայն թարգմանելու եւ ներկայացնելու մեր ընթերցողներուն: Մենք պէտք է ճանչնանք մեր ազգի արժանաւոր զաւակները, հերոսները: Գըրգ Գըրգորեան բացառիկ հայ անհատներէն է: Եւ այս գիրքին մէջ ի յայտ կու գան բազմաթիւ փաստեր եւ դրուագներ, որոնք մինչ այդ յայտնի չէին ոեւէ մէկուն եւ որոնց մասին պէտք է պատմել: Ասիկա պատմութիւն մըն է յաջողակ մարդու մը եւ անոր անցեալ բացառիկ ճանապարհին մասին», կը նշէ «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութեան շուկայագիտութեան տնօրէն Շաւարշ Կարապետեան:
Հրատարակչութենէն կը յայտնեն, որ «Խաղացողը. Թէ Ինչպէս Առանց Դրամի, Անուս Գըրգ Գըրգորեան Դարձաւ Դրամատիրական Պատմութեան Մեծագոյն Գործարարը» գիրքը լոյս տեսած է 23 Յունուար 2018ին:
Նշենք, որ անիկա փաստագրական գիրք է. բոլոր մէջբերումներն ու նկարագրական տեսարանները հիմնուած են ականատեսներու յուշերուն կամ նախապէս հրատարակուած պատմութիւններու վրայ:
Նշենք նաեւ, որ գիրքին հայերէն տարբերակը ընթերցողներու սեղանին պիտի դրուի այս տարուան Յունիսին: