ՏԵԹ ՎԵԼԻ.- Թելմա Ղազարեան-Ալթուն հանդիսացաւ առաջին հայը, որ իրաւունք ստացաւ մասնակցելու «Պետուոթըր 135» անունուվ ծանօթ 1385 մղոննոց գերմարաթոն մրցումին, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 23-25։
Մրցումին մասնակիցները առաւելագոյնը 48 ժամ ունին ամբողջացնելու համար 135 մղոննոց (216 քլմ.) այս մրցումը, որ տեղի կ՛ունենայ Քալիֆորնիոյ Տեթ Վելիի (Մահուան հովիտ) անապատի շատ տաք պայմաններուն մէջ (100-130 Ֆերընայթ կամ 38-55 Սելսիըս)։ Մրցումին մէկ այլ դժուարթիւնը այն է, որ մասնակիցները յաճախ զարիվեր ու զարիվար տարածքներէ պէտք է անցնին։
Ֆիզիքական եւ հոգեկան երկար նախապատրաստութիւն պահանջող սոյն մրցումը կը սկսի նշեալ հովիտի Պետուոթըր քաղաքէն, որ Հիւսիսային Ամերիկայի ամենացած կէտին վրայ կը գտնուի (ծովու մակարդակէն 282 ոտք, կամ 86 մեթր ցած) եւ կ՛աւարտի Ուիթնի Փորթալ գագաթին քով, որ կը գտնուի 8374 ոտք (2552 մեթր) բարձրութեան վրայ։
Կազմակերպողները տարեկան միայն 100 հոգիի մասնակցութեան արտօնութիւն կը շնորհեն, եւ այս տարի Թելմա Ղազարեան-Ալթունը անոնցմէ մէկը պիտի ըլլայ։ Անոր պիտի ընկերանան՝ Յակոբ Ապնուս, Պալմոր Ֆլորեզ, Էրըն Ֆլին եւ Վալոդ Շահվերդեան։
Թելմա Ղազարեան-Ալթուն փոքր տարիքէն մարզիկ եղած է, իսկ Կլենտէյլի Հանրային երկրորդական վարժարան ու Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարան յաճախելու տարիներուն եղած է անոնց մարզական խումբերու անդամ՝ մասնակցելով առաջին դասակարգի մրցումներու: Մօտաւորապէս տասնամեակ մը առաջ, ան սկսած է «ծայրայեղ մարզանք» պիտակին տակ մրցումներու եւ արշաւներու մասնակցելու՝ պատուաւոր դիրքեր գրաւելով, միաժամանակ հանդիսանալով գերմարաթոնի առաջին հայ մարզիկը: Ան միշտ լուսարձակի տակ կ՛առնէ իր հայ ըլլալը, եւ հայկական Եռագոյնը անբաժան է անոր մրցումի տարազներէն։
Մրցումին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.badwater.com/event/badwater-135 կայքէջը: