ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքի յանձնախումբին, Ցեղասպանութեան 103ամեակի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 24ի երեկոյեան, Սան Ֆրանսիսքոյի Տէյվիտսըն լերան Խաչի բլուրին վրայ, ներկայութեամբ շրջանի հայկական եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերուն, օտար հիւրերու եւ աւելի քան 400 հայորդիներու, որոնք եկած էին ոգեկոչելու 1.5 միլիոն հայ նահատակներուն յիշատակը։
Հանդիսութիւնը սկսաւ մատաղօրհնէքով, ապա օրհնուած մատաղը բաժնուեցաւ բոլոր ներկաներուն՝ ի յիշատակ ու յարգանք 1.5 միլիոն նահատակներու հոգիներուն: Ապա տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն՝ ՀՄԸՄի արի-արենուշներու կատարմամբ, եւ երաժշտութեամբ կատարուեցան Ամերիկեան եւ Հայկական հիմները: Այնուհետեւ, ծաղկեպսակներ զետեղուեցան շրջանիս մէջ գործող հետեւեալ կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ՝ Խաչի յանձնախումբի (CAAONG), ՀՕՄի «Ակնունի», «Էրեբունի» եւ «Կարին» մասնաճիւղերուն, ՀՄԸՄի, Հայ եկեղեցւոյ երիտասարդական կազմակերպութեան (ACYO), Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (AGBU), Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (AYF), Գռուզեան- Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի, Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ Յովսէփեան վարժարանի եւ Հայ Որբերու Օգնութեան ընկերակցութեան:
Երեկոյթին բացումը կատարեց եւ հանդիսութիւնը ձեռնհասօրէն վարեց յանձնախումբի անդամուհիներէն՝ իրաւաբան Էմմա Սարգիսեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր լրանում է 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան 103րդ տարելիցը: Այս օրը ողջ աշխարհի հայութիւնը ոգեկոչում է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակը: Ցանկանում եմ շնորհակալութիւն յայտնել մեր յարգարժան հոգեւորականներին, պատուաւոր հիւրերին, հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններին եւ Պէյի շրջանի (Ծովածոց) հայերին, այսօր այստեղ գտնուելու համար: Այսօր յիշատակի, արտացոլումների եւ նաեւ մեծ յոյսերի օր է: Մեր ժողովուրդը աշխարհի հնագույն քաղաքակրթութիւններից մէկն է: Մենք տեսել ենք բազում խոշոր յաղթանակներ եւ բազում խոշոր աղէտներ: 103 տարի առաջ տեղի ունեցած մեր մեծ աղէտը պատկանում է համայն մարդկութեան պատմութեան ամենասեւ էջերին, եւ մեզնից իւրաքանչիւրի ընտանիքում անբուժելի վէրքեր է թողել: Որպէս հայեր, այսօր մեր պարտքն ու պարտականութիւնն է հասնել նրան, որ թրքական կառավարութիւնը ճանաչի Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ փոխհատուցի մեր ազգին հասցրած անդարմանելի կորուստները: Սակայն, մենք այստեղ ենք գտնւում ոչ միայն սուգի եւ յիշատակի նպատակով, այլ նաեւ արտացոլման եւ բուժման նպատակով: Մեր փոքր ազգը իր պատմութեան ամէն քայլափոխին եղել է միաւորուած, չնայած մեր թշնամիների մեզ բնաջնջելու հաստատուն նպատակներին: Շատ են եղել այն կայսրութիւնները, որոնք մեզ նուաճել են: Սակայն այսօր մենք կարող ենք վերջապէս ասել, որ մենք իրօ՛ք ազատ ենք ու անկախ»:
Օրուան բանախօսն էր Քալիֆորնիոյ ռուանտական գաղութի նախագահ Եհոյատա Ըմպանկիւքիա, որ նաեւ Սոնոմայի պետական համալսարանի Ողջակիզման եւ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան խորհուրդի փոխնախագահն է: Ան մասնաւորաբար կեդրոնացաւ 16ամեայ աղջկայ մը յուզիչ, սակայն հզօ՛ր պատմութեան վրայ։ Աղջիկը եղած էր զոհը Ռուանտայի ցեղասպանութեան: Բանախօսը խրախուսեց բոլոր ներկաները շարունակել պայքարը, պատմել մեր պատմութիւնները բոլորին, որպէսզի հասնինք Ցեղասպանութեան ճանաչումին:
Գեղարուեստական յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ օփերայի յայտնի եւ երիտասարդ երգիչ Կարօ Աւագեան՝ մեկնաբանելով Կոմիտասէն երկու երգեր՝ «Հորովել» եւ «Կռունկ»: Կարօ Աւագեան շրջանաւարտ է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն եւ մասնակցած է միջազգային շարք մը մրցանքներու:
Փասատինայի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ Յովսէփեան վարժարանի 5րդ եւ 8րդ կարգի աշակերտութիւնը հանդէս եկաւ արտասանելով Միքայէլ Նալպանտեանի «Ազատութիւն»ը, իսկ Սան Ֆրանսիսքոյի ԳԶՎ վարժարանի աշակերտները կատարեցին երկու երգեր՝ «Սուրբ Աչքեր» եւ «Աղբերս ու ես»:
«Eastside College Preparatory» վարժարանի աշակերտութիւնը, առաջնորդութեամբ իրենց պատմութեան ուսուցչուհի Նանոր Պալապանեանի՝ մասնակցեցան գեղարուեստական յայտագիրին։ Այս աշակերտներէն ոեւէ մէկը հայ չէ, բայց անոնք կը սորվին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրենց ուսուցչուհիէն:
ՀԵԴի «Ռոստոմ» ուխտին կողմէ ելոյթ ունեցաւ Վանա Անտոնեան. ան ըսաւ. «Այսօր հաւաքուած ենք հոս, Մաունթ Տէյվիտսըն բլուրին վրայ, ոգեկոչելու 103րդ տարելիցը 1.5 միլիոն զոհուած մեր նախահայրերուն, Ապրիլ 24ի յիշատակին նուիրուած Խաչին ներքոյ, եւ մեր յարգանքի տուրքը տալու մեր անմեղ հայ նահատակներու հոգիներուն: 103 տարիներ առաջ Օսմանեան կայսրութիւնը փորձեց ոչնչացնել մեր գոյութիւնը, բայց՝ ձախողեցա՛ւ: Թուրքիան ձախողեցա՛ւ, քանի որ մեր գաղութը հո՛ս՝ Սան Ֆրանսիսքոյի Ծովածոցի մէջ, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հայ գաղութ՝ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ, քով քովի եկած կը յիշատակենք այդ ոճիրը, որ գործադրուեցաւ մեր ժողովուրդին հանդէպ, միաժամանակ՝ պահանջելով արդարութի՛ւն»:
Շրջանի ՀԲԸՄի ատենապետ Տէյվիտ Օճաքեան եւ փոխատենապետ Ալեք Նիքըլըս ըսին. «Երբ կ՛ոգեկոչենք Ապրիլ 24ը, պէտք է անդրադառնանք, թէ որքա՛ն ճամբայ կտրած ենք իբրեւ ժողովուրդ, յաղթահարելու այս ողբերգութիւնը եւ անցեալի մարտահրաւէրները: Այս օրուան մեր հոս հաւաքուելու իրողութիւնը կը վկայէ, թէ որքա՛ն վճռական է հայ ժողովուրդը. մենք բնաւ ետ պիտի չկանգնինք հակադարձելէ այն բոլորին, որոնք կը փորձեն ջնջել անցեալը: Նոյն վճռական ոգին այժմ պէտք է տեղեկացնէ մեր ապագային մասին, եւ վերջերս Հայաստանի մէջ այս նոյն ոգին արտայայտուեցաւ իբրեւ խաղաղ բողոք՝ պահանջելով խորհրդարանի փոփոխութիւն: Մե՛նք նաեւ, սփիւռքահայերս, կը միանանք Հայաստանի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն»։
Հայ եկեղեցւոյ երիտասարդական կազմակերպութեան խօսքը ներկայացուց Թամար Դաթոյեան, որ ըսաւ. «Մեծամասնութեամբ երիտասարդներ են որ իրականացուցին այս բողոքները. այս բողոքներուն ուժ տուին, որովհետեւ իրենք պատրաստ են բարելաւելու իրենց երկիրը եւ ապագան: Նախորդ սերունդներուն միանալով՝ յաղթեցի՛ն։ 103 տարի առաջ, օսմանցի թուրքեր, որ կարծեցին, թէ մենք 2018 թուական պիտի չհասնինք, Հայաստանը պէտք է տեսնէին անցեա՛լ շաբաթ։ Մենք միշտ կը պայքարինք մեր գոյատեւման համար եւ մեր երկրին յառաջդիմութեան համար։ Այս պահը, միայն Սերժը մերժելու համար չէ՛ր. այս պահը կը փաստէ հայ ժողովուրդին հզօրութի՛ւնը»:
Ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ կատարողութեամբ շրջանիս եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերուն։ Ձեռնարկի վերջաւորութեան կատարուեցաւ մէկ վայրկեան լռութիւն, յարգելու համար 1.5 միլիոն նահատակ սուրբերուն յիշատակը՝ բարեխօսութեան աղօթքով Ծովածոցի հոգեւորականներուն կողմէ։ Երեկոյթը վերջ գրաւ հանրութեան կողմէ ծաղիկներու զետեղումով։