ՍԱՆԹԱ ՖԷ, «Սի.Էն.Էն.».- Ուրբաթ, Մայիս 18ին, Թեքսասի հարաւ-արեւելեան շրջանը գտնուող երկրորդական վարժարաններէն մէկուն մէջ դարձեալ տեղի ունեցաւ զինեալ յարձակում մը, որուն իբրեւ հետեւանք սպաննուեցաւ առնուազն 10 հոգի, մեծամասնութեամբ՝ աշակերտներ. նաեւ վիրաւորուեցան քանի մը ուրիշներ։ Ոստիկանութիւնը ձերբակալեց 17ամեայ աշակերտ մը եւ այլ կասկածելի մը։ Յարձակումը տեղի ունեցաւ Հիւսթընէն 35 մղոն հեռու գտնուող Սանթա Ֆէ քաղաքը։ Ոստիկանութիւնը նաեւ պայթուցիկ նիւթեր գտած է վարժարանին եւ անոր մօտակայ այլ վայրի մը մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.