Հիմնուելով Իրաքահայ թեմի թիւ 87 եւ 1963 թուակիր կանոնադրութեան եւ հետագայ բարեփոխումներուն վրայ, 18 Մայիս 2018ին կայացաւ Իրաքի Հայոց թեմի Ազգային կեդրոնական վարչութեան ընտրութիւնը: Նոյն օրէնքներու հիման վրայ, յաջորդ օր՝ 19 Մայիսին, նորընտիր վարչութիւնը գումարեց իր անդրանիկ նիստը, որուն ընթացքին գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրեց վարչութեան ատենապետ, փոխատենապետ, ատենադպիր, հաշուապահ եւ գանձապահ՝ հետեւեալ կազմով.
Մելքոն Գուրգէն Հայրիկ Մելքոնեան՝ ատենապետ
Գէորգ Զոհրապ Օհաննէս Գատոյեան՝ փոխատենապետ
Արամ Ազատ Սարգիս Քէթէնճեան՝ ատենադպիր
Կարապետ Մնացական Արմենակ Գալուստեան՝ հաշուապահ
Վարդան Իշխան Սարգիս Վարդանեան՝ գանձապահ
Գրիգոր Բագրամ Մովսէս Տէր Յակոբեան՝ խորհրդատու
Արա Արշակ Եսայի Եսայեան՝ խորհրդատու։
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ