ՀԱԼԷՊ.- Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական մարմինին, Կիրակի, 20 Մայիսի երեկոյեան, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 100ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը:
Հանդիսութեան ներկայ էին Հալէպի հայ երեք համայնքապետները, Հալէպի մօտ գլխաւոր հիւպատոսը, հայկական կազմակերպութիւններու, ազգային, բարեսիրական, մշակութային միութիւններու, Բերիոյ Հայոց թեմի երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները, հոգեւոր հայրեր եւ հրաւիրեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Հրաւիրեալները դիմաւորուեցան ՀՄԸՄի փողերախումբին հնչեցուցած ազգային-հայրենասիրական երգ-երաժտութեամբ:
Հայաստանի եւ Սուրիոյ քայլերգներէն ետք, հանդիսավար Գէորգ Շահինեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու հայոց անկախ պետականութեան կերտումին ճամբուն նահատակուած հերոսներուն յիշատակը:
Արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՍՕԽի ներկայացուցիչ Սիլվա Նազարեան, իսկ Բերիոյ Հայոց թեմին անունով հայերէն բացման խօսք արտասանեց դոկտ. Հուրի Ազէզեան:
Իրագործուեցաւ գեղարուետական ճոխ յայտագիրը մը:
Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ խօսք առաւ Ռիթա Պէրթիզլեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան խօսքը ներկայացուց Կարօ Շուշանեան, իսկ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ խօսք առաւ Կարօ Իւզպաշեան:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան։
Օրուան եզրափակիչ պատգամը տուաւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան: