ԵՐԵՒԱՆ.- Սփիւռքի նախարարի խորհրդական նշանակուած Վաղարշակ Յակոբեան չի կրնար Ազգային ժողովին մէջ պաշտօն ստանձնել, որովհետեւ 27 տարեկան է, եւ օրէնսդրութեամբ այդ պաշտօնին կրնայ նշանակուիլ միայն 30ը բոլորած Հայաստանի քաղաքացին: Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը, սակայն, յայտարարած էր, որ օրէնսդրութեան որեւէ խախտում չկայ:
Սփիւռքի փոխնախարար Դաւիթ Սարգսեան լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին ըսած էր. «Տարիքի առումով օրէնքի խախտում չկայ, օրէնսդրական խնդիր չկայ, աշխատանքային փորձը կը համապատասխանէ: Ան կը համապատասխանէ պաշտօնի անձնագիրին նախատեսուած չափանիշներուն…»:
Այժմ նախարարութիւնը սխալ որոշումը ուղղելէ ետք՝ յայտարարեց. «Սփիւռքի նախարարութիւնը ափսոսանք կը յայտնէ տեղի ունեցած շփոթին համար եւ կը հայցէ քաղաքացիներու ներողամտութիւնը»։