«Հայերը Տիգրանակերտի Հիւրերը Չեն»
Վարեց՝ ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ
Աննախադէպներ կ՛ապրուին Թուրքիոյ քաղաքական պատմութեան մէջ: 24 Յունիսին կայանալիք հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան թեկնածուներէն մին բանտի մէջ է: Բանտախցիկէն կը տանի ընտրարշաւը: Փաստաբաններուն բանտարկութեան դէմ առարկութիւնը «խոյս տալու հաւանականութիւն ունի» պատճառաբանութեամբ՝ մերժուեցաւ դատարանին կողմէ:
Տեմիրթաշ 2014ի նախագահական ընտրութիւններուն եւս մասնակցած ու շուրջ 4 միլիոն ձայներ հաւաքած էր: 7 Յունիս 2015ին իր գլխաւորած ՀՏՓն ձայներուն 13 տոկոսը ստանալով՝ խորհրդարանին մէջ ունեցաւ 81 պատգամաւոր: Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը իր հիմնադրութենէն ի վեր առաջին անգամ զրկուեցաւ առանձինն կառավարութիւն կազմելու առիթէն:
Տեմիրթաշ ձերբակալուեցաւ 4 Նոյեմբեր 2016ին:
Նախագահական թեկնածուն «Ակօս»ի հարցումներուն պատասխանեց Էտիրնէի բանտէն:
ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ.- Ի՞նչ տպաւորութիւն է բանտի մէջ պատրաստուիլ ընտրութեան: Ինչպէ ՞ս կ՛անցնի ձեր առօրեան:
ՍԵԼԱՀԷՏՏԻՆ ՏԵՄԻՐԹԱՇ.- ՀՏՓ կուսակցութեան դէմ արդարադատութեան համակարգի ալ գործակցութեամբ կատարուող քաղաքակամ գործողութեան դրդապատճառը 7 Յունիս 2015ի ընտրութեան յաջողութիւնն է: Այդ թուականէն ցայսօր կուսակցութեան բազմահազար գործիչներ ձերբակալուեցան եւ դուրս բերուեցան քաղաքական մրցակցութենէն: Նմանապէս ես եւս քաղաքական նպատակներով պատանդ վերցուած եմ: Նման պայմաններու տակ նախագահութեան թեկնածութիւնը պատուի եւ պատասխանատուութեան խնդիր է: Դատարանին՝ ձերբակալութեանս հանդէպ կայացուցած որոշումը ամօթալի խայտառակութիւն մըն է, որ երկար տարիներ պիտի յիշուի Թուրքիոյ քաղաքական պատմութեան մէջ: Ի դէմ այդ ամօթի հեղինակներուն, մեծ եռանդով, ոգեւորութեամբ կ՛աշխատիմ ընտրարշաւին զօրակցելու համար: Խիստ խտացեալ աշխատութիւն մը կը պահանջեն բանտի զրկանքները:
ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ.- Բանտի պայմաններուն մէջ ձեզի հանդէպ յատուկ ճնշումներ կա՞ն:
ՍԵԼԱՀԷՏՏԻՆ ՏԵՄԻՐԹԱՇ.- Ո՛չ, ինծի հանդէպ յատուկ ճնշումներ չկան, բանտը ինքնին ճնշող միջավայր է արդէն:
ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ.- Խիստ վիճելի էին 16 Ապրիլ 2016ի հանրաքուէի արդիւնքները: 24 Յունիսի արդիւնքներուն մասին հաւանակա՞ն են նման զեղծարարութիւններ:
ՍԵԼԱՀԷՏՏԻՆ ՏԵՄԻՐԹԱՇ.- Այս մասին բոլոր կուսակցութիւնները, կամաւորներ եւ իրաւագէտներ պարտաւոր են կանխամիջոցներ ստեղծելու: Եթէ զանազան կուսակցութիւններէ 5 կամ 6 հսկիչներու կողմէ հսկուած ընտրատարածքի մը մէջ ժողովուրդի քուէները կը գողցուին, այս ոչ թէ գողերու ճարպիկութիւնը կ՛ապացուցէ, այլ՝ հսկողներու անճարակութիւնը: Չհասկցա՛յ, մեր քուէները իշխող կուսակցութի՞ւնը պիտի պաշտպանէ: Հետեւաբար բոլորը պէտք է իր քուէներուն պաշտպան ըլլան եւ ընտրութեան աւարտին ալ պատրուակներ չներկայացնեն:
ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ.- Կը սպասէի՞ք այսքան կանուխ ընտրութիւն մը: Հանրապետական դաշինքը ինչո՞ւ այսքան աճապարեց:
ՍԵԼԱՀԷՏՏԻՆ ՏԵՄԻՐԹԱՇ.- Կ՛ակնկալէինք, թէ ընտրութիւնը կը կատարուի Սեպտեմբեր կամ Հոկտեմբեր ամիսներուն: Կ՛երեւի տնտեսական ճգնաժամը զիրենք պարտադրեց աւելի կանուխ թուականի մը: Հակառակ պարագային, երկրի տնտեսութիւնը կրնար կործանիլ: Այդ վտանգը տակաւին ալ առկայ է: Արդարութիւն եւ բարգաւաժում ու Ազգային շարժում կուսակցութիւններուն մէկտեղումով գոյացած Հանրապետական դաշինքը կանխահաս ընտրութեամբ կ՛ուզէ ճգնաժամի ազդեցութիւնը նուազագոյն մակարդակի իջեցնել:
ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ.- Ընտրութենէ ետք ի՞նչ կ՛ակնկալէք: Իշխող կուսակցութիւնը եթէ կորսնցնէ խորհրդարանի մէջ մեծամասնութիւնը, նոր կանխահաս ընտրութիւն մը հաւանակա՞ն է:
ՍԵԼԱՀԵՏՏԻՆ ՏԵՄԻՐԹԱՇ.- Ամէն ինչ կարելի է: Ժողովրդավարական ուժերը պէտք է միշտ պատրաստ ըլլան քաղաքական պայքարի նոր հանգրուաններու: Նոր կանխահաս ընտրութիւնն ալ չեն կրնար փրկել դէպի անկումի գացող ԱԲԿն: Էրտողանի իշխանութեան պարտութիւնը անխուսափելի է: Բաւ է, որ մենք ամուր կառչինք պայքարին եւ յոյս ներշնչենք ժողովուրդին:
ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ.- Ժողովուրդներու ժողովրդավարկան կուսակցութեան պատգամաւորներու ցանկերուն վրայ աչքի կ՛իյնան ձախակողմեան անուններ: Դուք նախապէս տեսա՞ծ էիք ցանկերը: Առաջարկներ ունեցա՞ք: Մետիայի շրջափակումով հանդերձ, 7-յունիսեան տրամադրութիւն մը կը նկատէ՞ք:
ՍԵԼԱՀԷՏՏԻՆ ՏԵՄԻՐԹԱՇ.- Ի դէմ թերութիւններու կամ անբաւարարութիւններու առկայութեան, մեր կուսակցութիւնը կը ներկայանայ ամենաբազմերանգ եւ յուսադրիչ ցանկով: Նախապէս տեսած էի ցանկը, որուն համար միջամտութիւն մը չունեցայ: Եւ արդէն ժողովրդավարական սկզբունքներու առումով ճիշդ ալ չէր ըլլար նման միջամտութիւնը: Ոչ անուններու, բայց ընկալումներու առումով ցուցմունքներ ունեցայ: Յաջողութիւն կը մաղթեմ մեր բոլոր թեկնածուներուն: Այս պայմաններուն մէջ, զուրկ եմ դուրսի տրամադրութիւնը զգալէ, բայց լսումներ կան 7 Յունիսի հոգեբանութեան զարթնումի մասին: Յուսամ, որ այդպէս ալ ըլլայ:
ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ.- Հաւանական է նաեւ, որ Էրտողան նախագահ ընտրուի եւ իշխող կուսակցութիւնն ալ խորհրդարանին մէջ ապահովէ ձայներու մեծամասնութիւնը: Նման զարգացումի դիմաց ի՞նչ հեռանկարներ ունիք:
ՍԵԼԱՀԷՏՏԻՆ ՏԵՄԻՐԹԱՇ.- Ինչ որ ալ ըլլայ ընտրութեան արդիւնքը, մենք առանց քայլ մը իսկ նահանջելու կը շարունակենք մեր քաղաքական պայքարը:
ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ.- Որպէս վերջին հարցում՝ կուսակցութիւնը Կարօ Փայլանի թեկնածութիւնը առաջարկեց Տիարպեքիրէն: Դուք ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայ պատգամաւորի մը Տիարպեքիրի թեկնածու ըլլալը:
ՍԵԼԱՀԷՏՏԻՆ ՏԵՄԻՐԹԱՇ.- Կարօն՝ Տիարպեքիրին, Տիարպեքիրն ալ Կարոյին շատ կը վայելեն: Քաղաքի կեդրոնը անցեալին ունեցած է բազմամշակութային յատկութիւն: Այդ դիմագիծը պահպանուած է մինչեւ Հանրապետութեան առաջին տարիները: 1915ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք քաղաքի այդ յատկութիւնը ցիրուցան եղաւ: Մինչեւ 1980ականները Տիարպեքիրի Սուր թաղամասին մէջ հայ ընտանիքներ կ՛ապրէին: Ես իմ մանկութեան տարիներէս անգամ կը յիշեմ այս երեւոյթը: Բայց 80ական, 90ական թուականներու ճնշումի եւ տանջանքներու միջավայրին մէջ, այդ վերջին հայերն ալ ստիպուեցան իրենց հայրենի քաղաքը լքելու: Սա ինքնին ողբերգութիւն մըն էր: Հայերը Տիարպեքիրի հիւրերը չէին, այլ տեղացիներն էին: Կարոյի Տիարպեքիրի պատգամաւոր ըլլալը այդ վշտոտ պատմութեան փոխանցուած խիստ իմաստալի պատասխան մըն է: Վստահ եմ, որ Տիարպեքիրի ժողովուրդը այս պատմական գիտակցութեամբ՝ գրկաբաց պիտի ընդունի Կարոյին: Իսկ Կարօն արդէն Տիարպեքիրի համար օտար մէկը չէ: Կը հաւատամ, որ տեղւոյն երիտասարդութեան հետ շատ լաւ յարաբերութիւններ պիտի ունենայ եւ լաւագոյն կերպով պիտի ներկայացնէ իր կուսակցութիւնը: Յաջողութիւններ կը մաղթեմ իրեն:
«ԱԿՕՍ»