ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ
«Դեկտեմբեր 2016ի Հալէպի ազատագրումը անկիւնադարձային եղաւ սուրիահայերուն համար. ներկայիս Հալէպը շատ աւելի կայուն վիճակի մէջ կը գտնուի: Կային կենցաղային դժուար պայմաններ, որոնք այսօր արդէն տարբեր միջոցներով յաղթահարուած են, ճանապարհները օրը օրին կը բացուին, լուծուած է ջրամատակարարման ու վառելանիւթի հարցը, քիչ տատանումներով վերականգնած է ելեկրտականութիւնը», «Հայերն Այսօր»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր, Բերիոյ Հայոց թեմի մամլոյ խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեան՝ աւելցնելով, որ սուրիահայերը զբաղուած են իրենց առօրեայ աշխատանքներով եւ տուները վերանորոգելով:
Ան նշեց նաեւ, որ ազգային հաստատութիւնները, եկեղեցիները, ակումբներն ու դպրոցները ամենածանր օրերուն անգամ չեն դադրեցուցած ազգապահպան իրենց գործունէութիւնը: Զգալի վնասներ կրած Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի երկու շէնքերէն մէկը այս տարեշրջանին վերանորոգուեցաւ, յաջորդիւ շինարարական աշխատանքներ պիտի կատարուին Հալէպի Ազգային պատսպարանի, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի հիւանդանոցի եւ շարք մը ազգային կառոյցներու վերականգման ուղղութեամբ:
«Կը կարծեմ, որ մօտիկ ապագային, անվտանգութեան որոշ հարցեր կարգաւորելէ ետք, իր աշխատանքներուն կը սկսի նաեւ Սուրիոյ օդակայանը. Սուրիոյ կառավարութիւնը լուրջ աշխատանքներ կը տանի այդ առումով: Կարգ մը շրջաններու մէջ տակաւին կան զինեալ ահաբեկչական խումբեր եւ բնականոն թռիչքներու պարագային կրնան հրթիռակոծութիւններ կատարուիլ, հետեւաբար, անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով, կառավարութիւնը կը դանդաղի պաշտօնապէս օդակայանը վերագործարկելու», ըսաւ Ժիրայր Ռէիսեան:
«Ճիշդ է, ազատագրուեցաւ նաեւ Տէր Զօրը, բայց այնտեղ հայ բնակիչ գրեթէ չմնաց, սակայն ունինք խոնարհած Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի՝ Մարտ ամսուն Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ Տէր Զօր կատարած այցելութենէն ետք, եկեղեցին եւ յուշահամալիրը վերանորոգելու որոշում կայացուած է», զրոյցը ամփոփեց Ժիրայր Ռէյիսեան: