ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Արդէն բացայայտ իրականութիւն էր, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը նախընտրէ գործ ունենալ մենատիրական, բռնատիրական եւ ըստ իրեն՝ աւելի՛ գործնական հակումներ ունեցող ղեկավարներու հետ, իսկ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Ճոնկ Ունի հետ անոր հանդիպումը եկաւ հանդիսանալու, ինչպէս ամերիկացիները կ՛ըսեն՝ կարկանդակին վրայի կերասը։
Միայն ամիսներ առաջ Քիմ աշխարհի ամենավատ եւ վտանգաւոր ղեկավարը նկատելէն ետք, Թրամփ այսօր սիրահարած կը թուի ըլլալ «տաղանդաւոր» Քիմին, իսկ Յունիս 15ին կատարած իր յայտարարութենէն ի յայտ կու գայ, թէ Թրամփ նաեւ սկսած է նախանձելու անոր։
Արդարեւ, իր յայատարարութեան մէջ Թրամփ յայտնած է, թէ Քիմ փաստած է, որ հզօ՛ր ղեկավար մըն է, եւ Հիւսիսային Քորէայի ժողովուրդը ուշի ուշով կը հետեւի անոր խօսքերուն, երբ ան ելոյթ ունենայ։ «Կ՛ուզեմ, որ իմ ժողովուրդս եւս այդպէս ընէ», ցաւով յայտնած է Թրամփ՝ մոռնալով ՄԱԿի բեմէն ի՛ր իսկ կատարած այն պնդումը, թէ՝ աշխարհի պատմութեան մէջ չէ եղած սեփական ժողովուրդին իրաւունքները ոտնակոխող ղեկավար, որքան՝ Քիմը։
ԵՐԵԽԱՆ ԲԱԺՆԷ ԾՆՈՂՔԷՆ. ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ
Սպիտակ տունէն այլ գոհար մը բացայայտուեցաւ Յունիս 14ին, երբ ամէն գնով նախագահն ու անոր գրծակիցները պաշտպանելու աննախանձելի պարտականութիւնը ստանձնած նախագահի բանբեր Սերա Սենտըրզ, ուրիշ ելք չգտաւ քան Աստուածաշունչը, պաշտպանելու համար գաղթականներու երեխաները իրենց ծնողներէն բաժնելու կամայական եւ անմարդկային քաղաքականութիւնը, որ որդեգրուած էր Թրամփի ու անոր ընդհանուր դատախազ Ճեֆ Սեշընզի դաւադրութեամբ։
Արդարեւ, Սենտըրզ պնդեց, թէ այս օրէնքը պարտադրելը՝ «շա՛տ աստուածաշնչային է», աւելցնելով, որ երկրին սահմանները խախտող գաղթականները ենթակայ են օրէնքին, հակառակ անոր որ օրէնքը տառացիօրէն չի պարտադրեր, որ երեխաները բաժնուին իրենց ընտանիքէն։
Յատկանշական է, որ ըստ օրէնքի՝ Թրամփի մեկաբանութեան, անոր մեծ հայրը եւս պիտի չկրնար Գերմանիայէն Միացեալ Նահանգներ գաղթել։
Աւելցնենք, որ Յունիս 14ին, ցարդ մօտաւորապէս 1500 երեխաներ իրենց ծնողներէն բաժնած Թրամփի վարչակարգին քայլը դատապարտող բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան աւելի քան 60 քաղաքներու մէջ։