ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հինգշաբթի, 28 Յունիսին տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի նոր ոստիկանապետ Մայքըլ Մորի երդման արարողութիւնը: Յանուն Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, բանտերու ծառայութեան պատասխանատու Ռաֆֆի սրկ. Կարապետեան ներկայ եղաւ արարողութեան: Խօսք առին Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի, քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Հըրպ Ուեսըն եւ ոստիկանութեան խորհուրդի նախագահ Սթիւ Սոպըրոֆ: Երդման արարողութիւնը վարեցին Կարսեթի ու Սոպըրոֆ: Ոստիկանապետ Մայքըլ Մոր, իր կարգին, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլորին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.