ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, հոգեւոր լսարան մը կը հաստատուի Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, կնքուած՝ 10րդ դարու հայ նշանաւոր աստուածաբան Ս. Գրիգոր Նարեկացիի անունով։
«Նարեկացի» հոգեւոր լսարանին նպատակն է մեր եկեղեցիներուն մէջ ծառայող սարկաւագներուն եւ դպիրներուն, կրօնի եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներուն, հետաքրքրուողներուն եւ ընդհանրապէս երիտասարդներուն աւելի մօտէն ծանօթացնել մեր եկեղեցին՝ իր պատմութեամբ, աստուածաբանութեամբ, ծէսով ու մշակոյթով, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական վարդապետութիւնը՝ Աստուածաշունչի եւ եկեղեցւոյ հայրերու գրականութեան ընդմէջէն։
Դասընթացքը պիտի տեւէ մէկ տարի։ Առաջին հերթին, ամրան երեք ամիսներու դասաւանդութիւնները պիտի սկսին Ուրբաթ, 6 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7-9, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, այնուհետեւ պիտի շարունակուին ամէն Ուրբաթ օր, նոյն ժամուն եւ նոյն վայրը։
Առաջին երեք ամիսները պիտի ընդգրկեն հետեւեալ երկու նիւթերը.
Ա. Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն
Բ. Շարականագիտութիւն
Նիւթերը պիտի ներկայացնէ լսարանի վարիչ՝ Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան։
Յայտնենք, որ դասընթացքներու մասնակցութիւնը անվճար է եւ իւրաքանչիւր եռամսեայի աւարտին, մասնակիցները նիւթին առնչուող գրաւոր կամ բանաւոր քննութիւն պիտի ներկայացնեն, իսկ տարուան աւարտին պիտի ստանան համապատասխան վկայագիր։
Արձանագրուելու կամ յաւելեալ մանրամասնութիւններ ստանալու համար, ներկայանալ կամ հեռաձայնել Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գրասենեակ՝ 818-244-2402 թիւով։ Հասցէ՝ 500 S. Central Ave., Glendale, CA 91204։ Կարելի է կապ պահել նաեւ Ազգ. առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին հետ՝ հեռաձայնելով (818) 248-7737 թիւին, կամ դիմելով christianeducation@westernprelacy.org հասցէին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.