ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արուեստագէտ, շարժապատկերի ու տեսանիւթերու արուեստներու դասախօս փրոֆ. Լիա Պետրոսեան-Փիթըրսըն, նաեւ Փենսիլվանիոյ Լիքամինկ համալսարանի Հաղորդակցութեանց բաժանմունքի տնօրէնն է։
Անոր արտադրած՝ «Ընկուզենիին Տակը» («Under the Walnut Tree») շարժանկարը, որ պատրաստուած է առարկաները շարժելով եւ իւրաքանչիւր քայլ նկարելով շարժումի տպաւորութիւն ձգող (stop-motion animation) տքնաջան ոճով, արդէն իսկ ցուցադրուած է շարք մը փառատօներու մէջ եւ արժանացած Ֆլորիտայի Շարժանկարի փառատօնի հանդիսատեսներու առաջին մրցանակին։ Անիկա ցուցադրուած է նաեւ Աթլանթայի, Ասթընի, Լոս Անճելըսի եւ այլ քաղաքներու մէջ կայացած փառատօներու ընթացքին։
Բեմադրիչին այս գործը ներշնչուած է Շահան Նաթալիի վերապրումի պատմութենէն։ Նաթալի պատանի հասակին կրցած էր փախուստ տալ Համիտեան ջարդերէն, ապա վերադառնալով՝ իր մօր օգնած էր ջարդերուն զոհ գացած Նաթալիի հայրը թաղելու ընկուզենիի մը տակ։
Ֆիլմէն հատուած մը կարելի է դիտել՝ այցելելով https://vimeo.com/232123569 կայքէջը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.