ԵՐԵՒԱն.- 29 Յունիս 2018ին, Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) վարոյթ ընդունուեցաւ յայտարարագրման ենթակայ գոյքը թաքցնելու եւ ապօրինի հարստանալու դէպքերուն առիթով Հայաստանի ԿԱ պետական եկամուտներու կոմիտէի քննչական վարչութեան մօտ յարուցուած քրէական գործը, որուն համաձայն՝ պաշտօնատար անձ հանդիսացող Լէովա Սարգսեան, անոր որդին եւ դուստրը՝ Նարեկ եւ Անի Սարգսեաններ, կը կասկածուին ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 310.1րդ յօդուածի 1ին մասով եւ 314.3րդ յօդուածի 2րդ մասով նախատեսուած յանցաւոր արարքներու կատարման մէջ: Այս մասին կը յայտնէ ՅՔԾն:
Այսպէս, «ՋԼՋ Պրոյեկտ Քոմփան»ջ ՍՊԸ բաժնետէր Նարեկ Սարգսեանի բնակութեան վայրին մէջ կատարուած խուզարկութեան ընթացքին յայտնաբերուած եւ առգրաւուած են անոր, իր հետ համատեղ բնակող հօր՝ Լէովա Սարգսեանի եւ քրոջ՝ Անի Սարգսեանի անունով 2017ի 2րդ կիսամեակին ընթացքին, իբրեւ աւանդ Հայաստանի մէջ գործող դրամատուներէն մէկուն մէջ ներդրուած շուրջ 6 միլիոն 800 հազար ամերիկեան տոլար գումարով աւանդի պայմանագրեր:
Քննութեամբ պարզուած է նաեւ, որ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան, պաշտօնատար անձ հանդիսացող Լէովա Սարգսեան եւ վերջինիս դուստրը 2017ի հաշուետու ժամանակաշրջանին համար յայտարարատու պաշտօնատար անձի համար սահմանուած պարագաներուն եւ կարգով Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու բարոյագիտութեան յանձնաժողով ներկայացուցած են իրենց գոյքի եւ եկամուտներու յայտարարագրերը, ուր չեն յայտարարագրած իրենց կողմէ իբրեւ աւանդ ներդրուած գումարները եւ պահած են զանոնք, որ յանգեցուցած է Լէովա Սարգսեանի եւ Անի Սարգսեանի մասով առանձնապէս մեծ չափերով գոյքի չյայտարարագրման, ինչպէս նաեւ հաշուետու ժամանակահատուածին անոնց գոյքերու աւելացումը էականօրէն գերազանցած է անոնց օրինական եկամուտները, որ ողջամտօրէն չի հիմնաւորուիր յայտարարագրերով, այսինքն‘ վերջիններս ապօրինի հարստացած են:
Պարզուած է նաեւ, որ Նարեկ Սարգսեանը նոյնպէս թաքցուցած է յայտարարագրման ենթակայ գոյքը: 2017-ի հաշուետու ժամանակահատուածին անոր գոյքի աւելացումը էականօրէն գերազանցած է անոր օրինական եկամուտները, որ ողջամտօրէն չի հիմնաւորուիր յայտարարագիրներով, այսինքն՝ վերջինս նոյնպէս ապօրինի հարստացած է:
29 Յունիս 2018ին, Յատուկ քննչական ծառայութեան քննիչի որոշումով՝ Լէովա, Նարեկ եւ Անի Սարգսեաններուն նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւնը չհեռանալու մասին: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի: