ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) ստացած տուեալներուն հիման վրայ՝ Երկուշաբթի, 2 Յուլիսին, իւրացումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութեան ծառայողի իր լիազօրութիւնները չարաշահելու կասկածով ձերբակալուեցաւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Արա Վարդանեան:
ԱԱԾ մամլոյ կեդրոնը կը հաղորդէ, որ փաստացի հանգամանքներու ճնշումին տակ, Վարդանեան խոստովանեցաւ, որ տնօրինելով հիմնադրամին տրամադրուած 25 միլիոն դրամի վարկային գծով դրամատնային քարտը՝ անոր միջոցները օգտագործած է անձնական նպատակներով: Գումարներուն մէկ մասը տարբեր առցանց խաղատուներու խաղադրոյքներ կատարելու ուղղուած է:
Ըստ անոր՝ վարկային քարտէն վատնած միջոցները Վարդանեան վերադարձուցած է հիմնադրամին հանգանակուած գումարներու հաշիւին: «Այնուհետ՝ անձնական միջոցները կանխիկ մուտքագրել է հիմնադրամի հաշուապահութիւն, դրանով իսկ թաքցնելով հիմնադրամի գումարների վատնման հանգամանքը», կը յայտնէ ԱԱԾի հաղորդագրութիւնը՝ աւելցնելով, որ «Միայն վերջին շաբաթուայ ընթացքում Վարդանեանը հիմնադրամի բանկային քարտից մօտ 14 միլիոն ՀՀ դրամ է փոխանցել օնլայն խաղատներին, իսկ 2016ից 2018 թուականներն ընկած ժամանակահատուածում այդ գումարը կազմել է շուրջ 130 միլիոն ՀՀ դրամ»:
Այս պահուն Հայաստան համահայկական հիմնադրամին հաշիւները կը ստուգուին՝ հնարաւոր չարաշահումներն ու իւրացումները բացայայտելու, ինչպէս նաեւ հանգանակուած գումարներու ծախսերու օրինականութիւնը ճշդելու ուղղութեամբ: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:
Շուտով կը սպասուի հիմնադրամի հոգաբարձութեան հաղորդագրութիւնն այս մասին: