ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Կեղծիքին, շողոքորթութեան, մարդահաճութեան, քծնումին եւ ասոնց բոլոր կրկնապատիկ հոմանիշներուն մասին չկայ մարդ, որ գաղափար չունենայ: Անշուշտ բոլորը չեն գիտեր, որ վերոյիշեալ վարմունքները տկար նկարագիրով մարդոց կեանքին ու վարուեցողութեան բաղկացուցիչ տարրերն են:
Երբեմն մարդիկ այն կարծիքը ունին, որ կեղծաւորներ այդպէս կը ծնին, այսինքն ծնունդով կեղծաւոր կ՛ըլլան…։ Ծինային, ժառանգական, կամ՝ սերունդէ-սերունդ փոխանցուող որոշ յատկանիշներու մասին կրնան իրենց հեղինակաւոր տեսակէտը յայտնել մասնագէտներ, սակայն միշտ ալ մարդու կազմաւորման ու դաստիարակութեան դերը անգերազանցելի կը գտնեն անոնք:
Չէ՞ք հանդիպած կռուազան եւ անհակակշռելի մարդու մը այնքա՜ն խելօք ու իմաստուն զաւակին…։ Օրինակները այնքան առատութեամբ կրնաք գտնել, եթէ ձեր շուրջը նայիք: Երբեմն այնքան տգէտ եւ գռեհիկ մարդու մը զաւակը, իր ստացած լաւ դաստիարակութեան ու բարձր կրթութեան բերումով, հետագային ճիշդ հակապատկերը կը դառնայ իր ծնողներուն: Ուրեմն, ծինային գործօնը, այս պարագային, չկրցաւ իր ազդեցութիւնը ունենալ:
Կեղծաւորին օգտագործած յարափոփոխ դիմակը, դիմակահանդէսի ընթացքին գործածական որեւէ դիմակի հետ կարելի չէ՛ բաղդատել, ո՛չ ալ թատերական ներկայացումներու ընթացքին, բեմին ետեւը կարելի է այդքան կատարելագործուած դիմակի հանդիպիլ: Կեղծաւորին դէմքը բազմապիսի ձեւափոխութիւններու կ՛ենթարկուի, այնքան արագ, որ ոեւէ դերասան պիտի չկարենար այդքան շուտ կերպարանափոխուիլ, բեմ բարձրանալու համար:
Կեղծաւորը առանց յոգնելու կը դիմայարդարուի, արագ շարժումներով կը փոխէ իր զգեստները, բայց բնաւ չի՛ մոռնար իր գրպանները լեցնել կերպընկալէ պատրաստուած գունագեղ ու բազմապիսի դիմակներով, որպէսզի պահուան համաձայն դիմակափոխուի եւ ըստ յարմարութեան՝ ներկայանայ հանրութեան մէջ:
Կեղծաւորի բառարանին մէջ կեղծիքի սիւնակներուն տակ արձանագրուած բառապաշարն ալ բաւական ճոխ կ՛ըլլայ: Կեղծաւորին համար մարդոց կեանքը փրթած համրիչ մըն է, որուն իւրաքանչիւր հատիկը, զոր ան կը գտնէ գետնէն, կրնայ համարել տուեալ «համրիչ»ին առաջին հատիկը: Այսինքն, ան ինչպէս որ կ՛ուզէ, երբ որ կ՛ուզէ, ուրկէ որ կ՛ուզէ՝ կը սկսի յարաբերութիւն մշակել մարդոց հետ, անշուշտ միշտ «եղբայրական», «հարազատ», «անկեղծ» մօտեցումով: Անիկա պատրաստ է նոյնիսկ վիշտիդ վրայ մեղմանոյշ համբոյր դրոշմելու, ցաւակցելու քեզի, բաժնելու ցաւդ, մտերմանալու մորմոքիդ, մինչեւ որ վստահութիւնդ շահի: Որովհետեւ անկէ ետք միայն կրնայ ազատ ելեւմուտք կատարել կեանքիդ մէջ, պտըտիլ անձնական բոլոր գործերուդ «արահետներով», նոյնիսկ քու փոխարէն որոշումներ տալով եւ քեզի ալ պարտադրելով ենթարկուիլ անոնց:
Շողոքորթութիւնը կը կիրարկուի ստորադաս կեղծաւորին կողմէ, իրմէ աւելի բարձր անձնաւորութիւններուն, որոնց քմահաճոյքին ենթարկուելու խոր փափաք կը յայտնէ ան: Անոնց ով կամ ինչ ըլլալը երբեք կարեւոր չեն շողոքորթին համար. կը բաւէ որ բարձր դիրք ունենան անոնք, որոնց պատուանդանին շուրջ սլքտալու արտօնութիւն տրուի իրենց: Այնտեղ պար բռնելը բոլորին հաճելի կը թուի, մանաւանդ երբ պարեղանակը աշխոյժ է, իսկ պարողները՝ պարուսոյցներ: Ճանչնալու համար շողոքորթը սոյն շուրջպարին մէջ, պէտք է գտնել պարագլուխը՝ այսինքն ան, որուն ձեռքին մէջ կը գտնուի օդին մէջ կլորներ գծող կարմիր թաշկինակը: Անիկա գիտէ, թէ ե՞րբ պիտի ճօճէ թաշկինակը եւ քանի՞ անգամ պիտի առաջնորդէ իր խաբէական շուրջպարին շրջապտոյտը:
Կեղծաւորութեան եւ շողոքորթութեան այս տարբերութիւնը ուսումնասիրելէ ետք, հիմա անցնինք տարօրինակ այլ երեւոյթի մը, որ կեղծաւորին՝ իր կեղծաւորութեամբ պարծելու երեւոյթն է:
Նախ անհեթեթութիւն կը թուի այս տեսակ պարծանքը: Սակայն, ուսումնասիրելով կեղծաւորին բոլոր մեքենայութիւնները՝ կը տեսնենք, որ ան կը պարծենայ նաեւ իր արտայայտած կեղծիքով: Բայց որո՞նց դիմաց կը պարծենայ. անոնց՝ որոնք չեն ճանչնար զինք: Որովհետեւ կեղծաւորին ու շողոքորթին ճանչցողը մէկ վայրկեան իսկ չի հանդուրժեր անոր ներկայութիւնը. ալ ո՜ւր մնաց, որ անոր սին պարծեցողութեան ժամանակ տրամադրէ ու լսէ դատարկ անձնաքարոզչութիւնը…:
Կեղծաւոր շողոքորթը երկկողմանի աշխատանք ունի կատարելիք: Անիկա իր շողոքորթած անձին եւ չշողոքորթածին հաւասարապէս համարատու կը զգայ: Յատկապէս շողոքորթած անձին լուրերը պէտք է հաղորդէ անոնց, որոնք անոր մեծութեան ու փառքին հանդէպ խոր յարգանք ունին: Ուստի, գաղտնի լրատուութեամբ ան իր ընդյատակեայ գործունէութիւնը բուռն կը ծաւալէ, զգուշանալով բացայայտուելէ: Ճիշդ այս ընթացքին, ան իր գրպանէն կը հանէ բազմատեսակ ու զարմանազան արտայայտութիւններով դիմակները եւ իւրաքանչիւր կացութեան դիմաց կը գործածէ անոնցմէ յարմարագոյնը:
Շողոքորթը միայն ժպիտով չի՛ ներկայանար, ինչպէս յաճախ կը պատկերացուի: Ան երբեմն տխուր եւ յուսահատ պէտք է ձեւանայ, որպէսզի ամէնէն առատ «բերք»ը քաղէ իր շողոքորթած անձէն: Չէ՞ որ վարձատրութեան ակնկալիքով ան կը մօտենայ բոլորին…: Անոր հիմնական առաքելութիւնը, ամէնէն շատ չափով օգուտ քաղելն է իր շողոքորթած անձէն: Իր օգտակարութիւնը փուչիկ է սակայն, տրուած այդ անձին, այսինքն իր շողոքորթած անձը օր մը պիտի գիտնայ, որ այն բոլոր տեղեկութիւնները, զորս հաղորդեր էր շողոքորթը, պարզապէս օդին մէջ խօսուած իմաստազուրկ խօսքեր էին, բայց… օրին հաճելի թուացեր էին իրեն:
Շողոքորթ կեղծաւորը պաշտօնամոլ մարդ է: Ան չի՛ նայիր թէ ինք այդ պաշտօնին յարմարութիւնը ունի՞, այսինքն կրնա՞յ կատարել զայն կամ՝ ո՛չ: Իր անձին յարմարութիւնը պաշտօնին, շողոքորթին համար կարեւոր չէ՛: Կարեւորը այն է, որ ինք նուաճէ բարձունք մը, ուրկէ աւելի լաւ հասանելիութիւն ունենայ, ոտնահարելու իրմէ տկարները: Այս ունակութիւնը ո՛չ ոք կրնայ դուրս բերել շողոքորթին միտքէն, որովհետեւ անոր առօրեայ սնունդին մաս կը կազմէ այդ:
Իր փափաքած պաշտօնը ստանալէ ետք, շողոքորթը «իմաստութիւն»ը կ՛ունենայ, զայն շատ դժուար գործ ներկայացնելու շրջապատին: Կեղծաւորին զգուշաւոր նկարագիրը թոյլ չի՛ տար համարձակ գործելու, որովհետեւ ան գիտէ, որ կրնան ըլլալ ուրիշներ ալ, որոնք ճիշդ իր գործածած միջոցներով կրնան հասնիլ իր պաշտօնին ու տապալել զինք…։ Ուստի միակ միջոցը որ իրեն փրկութիւն պիտի բերէ այս հարցին մէջ, իր արտայայտած կեղծիքով պարծենալն է:
Կեղծիքով պարծենալու ամէն միջոց ձեռք առնելով, կեղծաւորը կը ջանայ իրմէ վեր անձերուն գովքը հիւսել, ինչպէս որ աղուէսը կը գովէ հաւուն խրոխտ քալուածքը հաւնոցի դռնէն դուրս, կամ ինչպէս անիկա կը գովէ ագռաւին քաղցր ձայնը ու զայն ծառէն վար՝ ջուրի ափին երգելու կը հրաւիրէ:
Իր կատարած գովեստներու աւարտին, կեղծաւորը երբ ձեռք կը ձգէ այն, ինչը կ՛ուզէր, արդար հպարտութեամբ կը պճնազարդէ բաճկոնը, մէկի փոխարէն յաւելեալ քանի մը փոխնորդներ ապահովելով, թեզանիքները ասեղնագործել տալով, որպէսզի իր կեղծիքով միշտ հպարտ՝ կարենայ նոր որսեր դիւթել ու իր ամուր փակուող թակարդին մէջ բռնել զանոնք: