ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Բ.
Բ. Նեխային փլանք
Անիկա կը յառաջանայ հետեւեալ ախտապատճառներով.
ա. Մարմնական զանազան բորբոքումային հիւանդութիւններ, որոնք կը զարգանան ընդհանրապէս մանրէական (bacterial) եւ ժահրային (viral) բորբոքումներով: Յատկանշական են հետեւեալ հիւանդութիւնները՝ թոքատապ, ուղեղաթաղանդաբորբ (meningitis), որդանման ելունի-կոյր աղիքի սուր բորբոքում (appendicitis) եւ շարոյրի սուր բորբոքում (pancreatitis).
բ. Մորթի մեծածաւալ այրուածք եւ բորբոքում
Այս բորբոքումներուն ընթացքին մարմինի զանազան օրկաններու մանր զարկերակները կը խցուին հոն կազմուած ախտաբանական պզտիկ խիցքերով (thrombi):
Նեխային փլանքը առաւելաբար կը պատահի հիւանդանոց գտնուող հիւանդներուն՝ մանրէական վարակումներու պատճառով, շաքարախտաւորներուն, լեարդի փճացում (liver cirrhosis) ունեցող անձերուն, արեան ճերմակ գնդիկներու չափազանց նուազումով եւ խլիրդային դարմանումի ընթացքին:
Նեխային փլանքը կը զարգանայ երկու հանգրուաններով.
ա. Սկզբնական տաք հանգրուան, որ կը յատկանշուի հետեւեալ երեւոյթներով՝ սիրտը բնականէն աւելի կը գործէ եւ աւելի արիւն կը մղէ դուրս՝ դէպի օրկանները, մարմինի զարկերակները աւելիով կը բացուին, թթուածինի մատակարարումը կ՛ըլլայ բնականէն աւելի եւ մորթը կ՛ըլլայ տաք եւ վարդագոյն:
բ. Ուշ պաղ հանգրուան, որ կը յատկանշուի հետեւեալ ախտանշաններով.
- Սիրտի արեան մղումը, ներանօթային ծաւալը եւ արեան ճնշումը կը նուազին.
- Զարկերակները եւ երակները կը կծկուին եւ կը նեղնան.
- Մազերակները կը խցուին եւ տեղի կ՛ունենայ բջիջներու թթուածինի պակաս ինչպէս նաեւ բջիջներու արտադրած թափօններու եւ ածխածնի երկթթուակի (CO2) անկատար փոխադրութիւն դէպի թոքերը.
- Ընդհանուր կապտութիւն (cyanosis):
Նեխային փլանքի ախտանշանները գրեթէ նոյն ախտանշաններն են, որոնք կը յայտնուին ենթածաւալային փլանքի պարագային, սակայն հետեւեալ ախտանշանները հոս յատկանշան են՝ ջերմ եւ դող, մորթի ցան (rash), ձեռքերու եւ ոտքերու պաղութիւն, մէզի զգալի նուազում, սիրտի արագ զարկ եւ արագ շնչառութիւն, զարկերակային ճնշումի նուազում, զանազան օրկաններու տկար աշխատանք, մասնաւորապէս՝ լեարդի, թոքերու եւ երիկամներու ու շուարած վիճակ:
Գ. Նեարդածին փլանք (neurogenic shock)
Անիկա տեղի կ՛ունենայ կեդրոնաջղային դրութեան (CNS – Central Nervous System) զանազան տեսակի հարուածներով եւ վնասով: Յատկանշական է ողնահարի եւ ողնածուծի հարուած-վնասը: Այս պարագային տեղի կ՛ունենայ զարկերակներու լայնացում, որ պատճառ կը դառնայ արեան կուտակումին սրունքներու եւ ոտքերու մէջ, ինչպէս նաեւ զարկերակային ճնշումի նուազումին: Նեարդածին փլանքի հիմնական ախտանշաններն են՝ սիրտի զարկի եւ զարկերակային ճնշումի նուազում ու գլխացաւ, մորթի չորութիւն եւ ջերմութիւն: Այս ախտանշաններուն կ՛ուղեկցին, անշուշտ, ուղեղային կամ ողնածուծային հարուածի ջղայնական շատ մը այլ ախտանշաններ:
Դ. Գերզգայնութեան հակադարձութեան փլանք (anaphylactic shock)
Այս տեսակ փլանքը հետեւանքն է հետեւեալ նիւթերուն դէմ մարմնին ունեցած գերզգայնութեան՝ որոշ դեղեր, պատուաստներ, խայթոցներ, կարգ մը սննդանիւթեր, յատկապէս՝ պիստակ, հաւկիթ եւ ծովային կերակուրներ, ինչպէս նաեւ արեան փոխներարկման անհամատեղելիութիւն (incompatibility):
Վերոյիշեալ ախտապատճառներուն գոյութեամբ, մարմնին մէջ կ՛արտադրուին histamine եւ այլ նիւթեր, որոնք կը կծկեն թոքացնցուղներու (pneumobronchi) պատերուն բարակ մկանները եւ կը յառաջացնեն ցնցուղներու նեղացում: Բոլոր ախտանշաններուն կողքին, յատկանշական են հետեւեալ ախտանշանները՝ քերուըտուք, մորթային ցան եւ կարմրութիւն, շնչասլոց (stridor), փռնգտուք, քիթի հոսք, փորի պրկում եւ ցաւ, նողկանք եւ փսխունք, շնչահեղձութիւն վերին շնչառական խողովակներու նեղացում-խցումով եւ ջրակուտակումով (edema), գլխապտոյտ, կապտութիւն, նուաղում (syncopy), մարմնական մկանային ցնցումներ եւ առողջութեան շատ արագ վատթարացում ու մահ:
Բոլոր տեսակի փլանքի ախտաճանաչումը բացայայտ է՝ տեսնուած ախտանշաններով: Սակայն կը կատարուին արեան եւ մէզի զանազան տեսակի տարրալուծարանային քննութիւններ, նկարահանումներ եւ ուղեղի, ողնածուծի, սիրտի ու թոքերու մանրամասն քննութիւններ:
Անոնց դարմանումը կը կատարուի հիւանդանոցի մէջ, որ ունի երկու հանգրուանային դարմանամիջոցներ.
Ա. Անմիջական եւ շտապ դարմանամիջոցներ
ա. Ենթածաւալային փլանքի պարագային.
- Վերահաստատել սիրտի զարկը եւ աշխատանքը, կատարելով՝ սրտային վերակենդանացում (cardiac resuscitation).
- Օգնել եւ վերահաստատել շնչառութիւնը՝ կիրարկել թթուածինով հարուստ արհեստական շնչառութիւն եւ կատարել ներփողանցում (intubation) ըստ պահանջի.
- Արիւնահոսութեան պարագային՝ շուտով կասեցնել զայն.
- Ներարկել ներերակային հեղուկներ եւ արիւն (blood transfusion).
- Ծածկել հիւանդը ծածկոցով, որպէսզի ան վերագտնէ իր մարմինի բնական ջերմութիւնը.
- Կարգաւորել զարկերակային ճնշումը որոշ դեղերու գործածութեամբ։
բ. Նեխային փլանքի դարմանումը կը կարօտի նաեւ՝ հակամանրէական դեղերու, թարախակոյտի պարպումի եւ մաքրութեան, ներանօթային ծաւալի բարելաւման, խտացուած կարմիր գնդիկներու ներարկման եւ արուեստական շնչառութեան:
գ. Գերզգայնութեան հակադարձութեան փլանքի դարմանումը այլ դարմանամիջոցներէն առաջ կը պարտադրէ.
- Շտապ epinephrine-ի ներմկանային կամ ներերակային սրսկում: Յաճախ շնչահեղձութիւնը առաջին եւ արագօրէն յայտնուած ախտանշանն է, որ կը պարտադրէ շտապ epinephrine-ի ներմկանային սրսկում:
- Շնչառական օժանդակութիւն եւ թթուածինի ներարկում.
- Antihistamine-ի եւ cortisone-ի ներարկում։
դ. Նեարդածին փլանքի շտապ դարմանամիջոցները նոյնանման են վերը յիշուած բոլոր դարմանամիջոցներուն:
Բ. Հիմնական եւ ախտապատճառներու դարմանամիջոց
Ամէն տեսակի փլանքներու ախտապատճառները ախտաճանաչելէ ետք կը կիրարկուին համապատասխան դարմանամիջոցներ:
(Շար. 2 եւ վերջ)