Արդէն առաւել քան երկու շաբաթ է, որ չպարզուած հանգամանքներով Ատրպէյճանի տարածքին մէջ յայտնուած Հայաստանի քաղաքացի Կարէն Ղազարեանի ճակատագիրին մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է խօսնակ Տիգրան Բալայեան:
«Ատրպէյճանը, կոպտօրէն ոտնահարելով պատերազմի ժամանակ քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան մասին Ժընեւի համաձայնագիրի 106րդ յօդուածը, մինչ այսօր չէ թոյլատրած Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներուն այցելել անոր» նշեց Բալայեան:
Ան յիշեցուց, որ հարցին առընչութեամբ յատուկ յայտարարութիւն տարածած է Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան:
«Այս հարցը մեր ուշադրութեան կեդրոնին է, աշխատանքները կը շարունակուին», ըսաւ խօսնակը: