ՔՈՆՔՈՐՏԻԱ, Պրազիլ.- Ճատրակի պրազիլահայ գերվարպետ Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան վերջերս մասնակցած է ճատրակի միջազգային երկու մրցաշարքերու՝ առաջին հանդիսանալով երկուքի՛ն մէջ։
Արդարեւ, 115 վարպետներու եւ գերվարպետներու մասնակցութեամբ կայացած դասական ճատրակի մրցաշարքին, Գրիգորը 4 յաղթանակ եւ երկու հաւասարութիւն ապահովելով խլած է առաջնութիւնը, իսկ արագ ճատրակի մրցաշարքին ընթացքին, ան 8 յաղթանակ արձանագրած է եւ կրած մէկ պարտութիւն՝ դարձեալ առաջին հանդիսանալով։
Նշենք, որ 2010ին գերվարպետ դարձած 32ամեայ Մխիթարեան ներկայիս 2546 կէտ ունի Ճատրակի միջազգային դաշնակցութեան ցուցակին մէջ ու կը գտնուի գործօն խաղացողներու 453րդ դիրքին վրայ. ան Պրազիլի 5րդ լաւագոյն գերվարպետն է, իսկ Ամերիկաներու ցանկին մէջ կը գրաւէ 48րդ դիրքը։
Պրազիլի ախոյեանի տիտղոսը երկու անգամ (2012ին եւ 2015ին) խլած Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան Սեպտեմբերին պիտի մասնակցի Վրաստանի մէջ կայանալիք աշխարհի խմբային ախոյեանութեան՝ մաս կազմելով Պրազիլի հաւաքականին։
Այս տեղեկութիւնը «Ասպարէզ»ին փոխանցած է Սեւակին հօրեղբայրը՝ Վահէ Մխիթարեան, որ նաեւ կ՛աւելցնէ դրուագ մը անոր մանկութենէն, շեշտելու համար անոր հայասիրութիւնը։ Արդարեւ, երբ 8 տարեկան Սեւակին ուսուցչուհին հարց տուած է՝ եթէ Պրազիլ Հայաստանի դէմ ֆութպոլի մրցում կատարէ, աշակերտները զո՞վ կ՛ուզեն որ յաղթէ, բոլոր աշակերտները «Պրազիլ» գոչած էն, բացի Սեւակէն, որ ի պատասխան զարմացած ուսուցչուհիին՝ ըսած է, թէ կը նախընտրէ… հաւասար արդիւնքը։