
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ՀԲԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ անցեալ տարի առաջին անգամ ըլլալով իրականացած էր Լոս Անճելըսի մէջ ժամանցի եւ լրատուամիջոցներու մարզերու յատուկ վարժողական ծրագիր մը, որուն մասնակցած էին հինգ հայորդիներ:
Ծրագիրը առիթ կ՛ընծայէ հայ ուսանողներուն, որ յատկանշական փորձառութիւն ձեռք ձգեն՝ լրատուական եւ ժամանցի աշխարհի հաստատութեանց մէջ աշխատելով:
Անդրանիկ ծրագիրին յաջողութենէն ոգեւորուած (անոր մասնակիցներէն մին՝ Նազան Թիթիզեան, մնայուն աշխատանքի առաջարկ մը ստացած էր «Գազանճեան-Մեժըրզ-Ռասքին» հաստատութենէն), այս տարուան ծրագիրին կը մասնակցին 10 ուսանողներ։
Այս տարուան ծրագիրը պիտի աւարտի 10 Օգոստոսին, իսկ 2019 ծրագիրին մասնակցիլ փափաքողներուն համար դիմումնագիրներ պիտի սկսին ընդունուելու այս տարուան աշնան:
Ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել ssargsyan@agbuca.org հասցէին: