Օգոստոս 24էն 25, պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան պիտի ժամանէ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել: Այցելութեան ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենան հայ-գերմանական բարձր մակարդակի բանակցութիւններ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի գլխաւորութեամբ:
Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ վարչապետները բանակցութիւններու արդիւնքները պիտի ամփոփեն համատեղ մամլոյ ասուլիսով:
Այցելութեան ընթացքին Մերքել հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ:
Գերմանիոյ վարչապետը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: