Երէկ՝ 17 Օգոստոսին, առաւել՝ քան 1000 անձեր Արցախէն մեկնեցան Երեւան՝ մասնակցելու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւիրած հանրահաւաքին:
Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրէս»ի, յայտնեց «Յանուն Արցախի» երիտասարդական-հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Գոռ Բալասանեան՝ մանրամասնելով, որ նախաձեռնութիւնը կը պատկանի իրենց կազմակերպութեան, որուն աջակցեցաւ «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան երիտասարդական թեւը:
«Հանրահաւաքին կը մասնակցին երիտասարդներ Արցախի տարբեր շրջաններէն: Մեր նպատակն է Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապը պահպանել եւ ամրապնդել», նշեց Բալասանեան:
Յիշեցնենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 17 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 6:30ին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հանրահաւաք հրաւիրեց՝ ներկայացնելու համար իր 100օրեայ պաշտօնավարման արդիւնքները: