ԵԶՆԻԿ ՔՀՆՅ. ԶՂՋԱՆԵԱՆ
Սուրիահայութեան կեանքին առանցքը կը կազմէ հայ դպրոցը, որուն ողնաշարը եւ մղիչ ուժը հայ ուսուցիչն է: Անոր կեդրոնական դերակատարութիւնը յաճախ շեշտուած է, սակայն անոր գործունէութիւնը աւելի արդիական հիմքերու վրայ տեղադրելու առաջադրութեամբ, ուսուցչաց կամ ուսուցչական համաժողովներ ու գիտական նստաշրջաններ անհրաժեշտ են: Համագումար կը կազմակերպուի, որպէսզի կրթական համակարգը վերանորոգուի եւ ժամանակակից դառնայ:
Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի հովանաւորութեամբ եւ Ուսումնական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ ուսուցչական համագումար մը Քեսապի «Ինճէճիկեան-Կիւլպէնկեան» Մշակութային կեդրոնին մէջ, 21-23 Օգոստոսին:
Համագումարին կը մասնակցէին թեմի Ազգային վարժարաններու (Հալէպ, Դամասկոս, Լաթաքիա եւ Քեսապ) տնօրէններ եւ ուսուցիչներ, թիւով 70 հոգի:
Սուրիայէն եւ Լիբանանէն հրաւիրուած էին կրթական մասնագիտութեամբ բանախօսներ, որոնք երեք օրերու տեւողութեան, համապատասխան իրենց նիւթերը պիտի ներկայացնեն:
Համագումարին բացումը կատարուեցաւ Երեքշաբթի 21 Օգոստոսին, առաւօտեան, առաջնորդ սրբազան հօր Տէրունական աղօթքով եւ մաղթանքներով: Սրբազանը բարի գալստեան բացման իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ համագումարի կարեւորութեան, ընդգծելով հայ ուսուցիչին անշրջանցելի կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը հայեցի դաստիարակութեան մէջ: Ան հրաւիրեց ներկաները սրտբաց քննարկում կատարելու սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ:
Սոյն համագումարին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը «Օրհնութեան Գիր» յղած էր:
Առաջին օրուան դասախօսներն էին՝ Ժիրայր Դանիէլեան եւ Շաղիկ Գանտահարեան-Խուտավերտեան (Լիբանանէն): Դանիէլեան խօսեցաւ «Տնօրէն, ուսուցիչ, ծնողք եւ աշակերտ առողջ յարաբերութիւններ» նիւթին շուրջ: Շաղիկ Գանտահարեան-Խուտավերտեան խօսեցաւ «Ուսուցիչ-աշակերտ հոգեբանական խնդիրներ» նիւթին շուրջ: Երկու բանախօսները, համաձայն իրենց մասնագիտութեան՝ ներկայացուցին կրթական համակարգի ներկայ իրավիճակը, դաստիարակութեան բարդ եւ դժուարին խնդիրները, եւ իրենց պատկերացումները տուին իւրաքանչիւր հարցի առընչութեամբ:
Մասնակցող ուսուցիչները առիթ ունեցան, լուսաբանական հարցումներու կողքին, իրենց ապրած ամէնօրեայ փորձառութեան լոյսին տակ արտայայտել կարծիքներ եւ ստացան յարմար պատասխաններ: Առաւօտեան ելոյթներուն մթնոլորտը թէ՛ խանդավառող եւ թէ հարցադրող էր:
Աւարտին, սրբազան հօր՝ Ուսումնական խորհուրդին եւ մասնակիցներուն կողմէ գնահատանքի խօսքէն ետք, դասախօսները պարգեւատրեց շնորհակալագիրներով եւ հայկական ասեղնագործութեան գեղեցիկ օրինակներով:
Յետմիջօրէին, համագումարը սկսաւ գործնական աշխատանքներու, ուր մասնակիցները վեց խումբերու բաժնուեցան, իրենց փոխանցուած յատուկ հարցաթերթիկներով քննարկեցին համագումարի օրակարգերը, պարզեցին հայ դպրոցին եւ ուսուցիչին իրավիճակները, կատարեցին ախտաճանաչումներ, եւ իրենց հաւաքական քննարկումէն բխած առաջարկները բանաձեւեցին:
(Թղթակից Ուսումնական
Խորհուրդի)