ԵՐԵՒԱՆ.- Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան Ուրբաթ, 31 Օգոստոսին հանդիպեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի (Մէջլիս) Իրան-Հայաստան պատգամաւորական բարեկամական խումբի անդամներուն հետ:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի մօտ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սէյետ Քազեմ Սաճատիիի նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին նախարարը նշեց, որ հայ-իրանեան տնտեսական յարաբերութիւնները քաղաքականի մակարդակին հասցնելու մեծ ներուժ կայ եւ իրանցի խորհրդարանականներու հետ հանդիպումը հաստատապէս պիտի նպաստէ կարգ մը հարցերու լուծման:
Իրան-Հայաստան բարեկամական խմուբի ղեկավար Ռամազան Ալի Սոպհանիֆար խօսեցաւ իրանցի գործարարներու համար հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու մասին:
Հանդիպման ընթացքաին քննարկուեցան մասնաւորապէս Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտիի լիարժէք գործարկման, ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան, բեռնափոխադրութիւններու, ներդրումներու խթանման եւ շարք մը այլ ոլորտներու վերաբերող հարցեր: