ԹԵՀՐԱՆ, «Ֆարս».- Ռազմական արտադրութիւններու հար-ցերով Իրանի հոգեւոր գերագոյն պետի խորհրդական Հիւսէյն Տեհղան Միացեալ Նահանգներէն պահանջած է իր զինուորները դուրս բերել Սուրիայէն՝ աւելցնելով, որ եթէ սուրիական կառավարութիւնն ու ժողովուրդը ուզեն պայքարիլ ամերիկեան ուժերուն դէմ, Իրան պատրաստ է զինուորական զօրակցութիւն տրամադրելու Դամասկոսին:
Այնուամենայնիւ, ըստ անոր՝ իր երկիրը չի փափաքիր նորանոր աւերներ տեսնել Սուրիոյ մէջ, եւ այդ իսկ պատճառով կը նախընտրէ երկխօսութեամբ ու քննարկումներով լուծել Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ներկայութեան հարցը: