ՄՈՍԿՈՒԱ, «ՌԻԱ Նովոթի».- ԱՊՀի, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու հարցերով Ռուսիոյ խորհրդարանի յանձնախումբի ղեկավար Լէոնիտ Քալաշնիքով յայտնած է, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Սեպտեմբեր 25ին պիտի այցելէ Ատրպէյճան: «Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւ եւ Վլատիմիր Փութին, Սեպտեմբեր 25ին Ռուսիոյ նախագահի Պաքու այցելութեան ծիրին մէջ պիտի ունենան աշխատանքային հանդիպում մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին այնպիսի հարցեր, որոնց մասին կողմերը համաձայնութիւն ձեռք բերած են, կամ՝ որոնց շուրջ չեն համաձայնած Սեպտեմբեր 1ին, Սոչիի մէջ կայացած բանակցութիւններուն ընթացքին», ըսած է Քալաշնիքով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.