ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Փաշինեան Երեքշաբթի, 2 Հոկտեմբերի ուշ երեկոյեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի գրասենեակին մէջ հանդիպելէ ետք պատգամաւորական խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, ԱԺ շէնքէն դուրս գալու ատեն լրագրողներուն յայտնեց, որ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան այս տարուան Դեկտեմբերին: Շէնքէն դուրս սպասող ժողովուրդին Փաշինեան կրկնեց իր խնդրանքը, որ ոեւէ քաղաքական գործիչի հանդէպ վիրաւորական արտայայտութիւններ չկատարէ: Փաշինեան յայտարարեց, որ ՀՀԿի, Բարգաւաճ Հայաստանի եւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները բոլորը համաձայն են, որ այս ճգնաժամէն երկիրը պէտք է շահաւոր դուրս գայ:
Փաշինեան դարձեալ բացատրեց իր յառաջիկայ գործողութիւնները, թէ ինք հրաժարական պիտի տայ, որմէ ետք Ազգային ժողովը պէտք է նոր վարչապետ ընտրէ: Փաշինեան համոզուած է, որ Ազգային ժողովը ըստ էութեան կ՛ընկալէ ժողովուրդի ուղերձը եւ յարգանքով կը մօտենայ ժողովուրդի ուղերձին, եւ որ իրենք չեն պատրաստուիր վարչապետի հրաժարելուն պարագային՝ ո՛չ առաջին եւ ոչ ալ երկրորդ անգամ վարչապետի թեկնածու առաջարկել: Փաշինեան ընդծեց, որ ինք այդպէս ընկալած է միւս կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն խօսքերը: