ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովի արտահերթ նիստով խորհրդարանի կանոնակարգ-օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու ՀՀԿի նախաձեռնած քուէարկութենէն ետք, Ազգային ժողովի շէնքը շրջապատող բազմութեան առջեւ իր ելոյթին ընթացքին վարչապետ Փաշինեան հրապարակեց նոր վիճակը դիմագրաւելու իր մարտավարութիւնը:
Փաշինեան նախ կոչ ուղղեց Հայաստանի նախագահին, որ չստորագրէ Ազգային ժողովին որոշումը: Նախագահը կրնայ նաեւ որոշումը յղել Սահմանադրական դատարան, անոր օրինականութիւնը քննելու համար:
Հրապարակաւ Բարգաւաճ Հայաստանի եւ ՀՅԴի նախարարներն ու մարզպետները պաշտօնէ հեռացնելու իր որոշումը ստորագրելով՝ Փաշինեան յայտարարեց, որ երբ օրինականանայ նախարարներու եւ մարզպետներու պաշտօնանկութիւնը, վարչապետը պիտի հրաժարի եւ ըստ Սահմանադրութեան՝ Ազգային ժողովը պէտք է ընտրէ նոր վարչապետ:
Փաշինեան յայտնեց, թէ ինք վս-տահ է, որ ժողովուրդը թոյլ պիտի չտայ, որ Ազգային ժողովը իրմէ բացի ուրիշ վարչապետ ընտրէ եւ հետեւաբար՝ ստիպուած պիտի ըլլայ լուծարուելու, որմէ ետք, այս տարուան Նոյեմբերի վերջաւորութեան կամ Դեկտեմբերի սկիզբը տեղի պիտի ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ:
Նշեալ յայտարարութիւնը կատարելէ ետք, վարչապետը մտաւ Ազգային ժողովի շէնք՝ բանակցութիւններ վարելու համար տակաւին շէնքին մէջ գտնուող պատգամաւորներուն հետ:
Փաշինեան ցուցարարները յորդորեց որեւէ ձեւով չխոչընդոտել պատգամաւորներու շարժումները եւ թոյլ տալ անոնց մեկնիլ Ազգային ժողովի շէնքէն: