«Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմանդիրներ Նուպար Աֆէյեան, Վարդան Գրիգորեան եւ Ռուբէն Վարդանեան ցաւակցական ուղերձ յղեցին Շարլ Ազնաւուրի մահուան առիթով եւ յայտարարեցին, որ ի յիշատակ Շարլ Ազնաւուրի Երախտագիտութեան կրթաթոշակ պիտի տրամադրեն Ֆրանսայէն կամ ֆրանսախօս երկիրներէն ուսանողներու՝ հնարաւորութիւն տալով անոնց ուսանելու UWC Դիլիջան միջազգային դպրոցին մէջ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ցաւակցական ուղերձը.
«Շարլ Ազնաւուրը կը ներկայացնէր հայ մարդու պատմութիւնը: Ըլլալով փախստականներու զաւակ՝ ան դարձաւ համաշխարհային կուռք, որ իր երաժշտութեամբ եւ բնոյթով մարդկայնութեան եւ մարդասիրութեան ուղերձներ կը յղէր համայն աշխարհին:
Անոր հմայքը, մարդու նկատմամբ անկեղծ սէրը զայն յայտնի դարձուցին ամբողջ աշխարհին: Մենք կը յիշենք զինք այն բոլոր բաներով, զորս ան տուաւ մեզի՝ սէր, եռանդ, մենք մեզի, մեր եւ մեր մերձաւորներուն նկատմամբ հաւատք: Ան տարածեց այս բոլորը՝ իբրեւ դերասան եւ երգիչ, իբրեւ մարդասէր եւ բարերար: Ան երբեք չի մոռցուիր՝ առյաւէտ մնալով մեր սիրտերուն մէջ:
«Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան առաջին իսկ օրուընէ, Ազնաւուր մեր կողքին էր՝ դառնալով «Օրորա» մրցանակի շնորհման 2016ի եւ 2017ի արարողութիւններու ամենակարեւոր մասնակիցներէն մէկը: Ի յիշատակ Ազնաւուրի՝ «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը ամէնամեայ նոր կրթաթոշակ պիտի տրամադրէ՝ իբրեւ Երախտագիտութեան կրթաթոշակ: Այս կրթաթոշակները կը տրուին՝ իբրեւ երախտիք աւելի քան հարիւր տարի առաջ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն հայերուն ապաստան եւ սնունդ տուած երկիրներու ժողովուրդներուն: Ազնաւուր այն մարդոցմէ էր, որ Ֆրանսայի մէջ ապաստան ստացաւ եւ փառքի հասաւ:
Շարլ Ազնաւուրի անուան ամէնամեայ կրթաթոշակը Ֆրանսայէն կամ ֆրանսախօս երկիրներէն ուսանողներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ ուսանելու UWC Դիլիջան միջազգային դպրոցին մէջ: Այս կրթաթոշակը պիտի միաւորէ Ազնաւուրի երկու հայրենիքները՝ Հայաստանն ու Ֆրանսան, եւ մեզի ալ պիտի տայ կարելիութիւն փառաւորելու այդ կապերը եւ շարունակելու երախտապարտ ըլլալ Ազնաւուրին՝ սերունդներ շարունակ»: