ԵՐԵՒԱՆ, ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Չորեքշաբթի, 3 Հոկտեմբերին մասնակցեցաւ Ստեփանակերտի Յովհաննէս Թումանեանի անուան թիւ 9 դպրոցի վերաբացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնեց Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին եւ բարերար Ճերըլտ Թրփանճեանին՝ դպրոցի հիմնովին վերակառուցման ու վերանորոգման աշխատանքները իրականացնելնուն համար:
Հանդիսութեան ներկայ եղաւ նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Էջմիածնական թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան: