ՊԱՔՈՒ, «Armenia.Az».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները Հոկտեմբեր 3ին յայտարարեցին, թէ կ՛ողջունեն Արցախի մէջ լարուածութեան մեղմացման եւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար կողմերուն բոլոր ջանքերը:
Պատասխանելով Տուշանպէի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած կարճատեւ զրոյցին, սահմանի վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու համաձայնութեան եւ Արցախի տագնապին կարգաւորման գործընթացին վրայ անոնց ազդեցութեան մասին հարցումի մը՝ համանախագահները յայտարարած են. «Համանախագահները կ՛աջակցին տագնապի լուծման հասնելու համար կողմերուն միջեւ որեւէ համաձայնութեան ու պատրաստ են միջնորդական օգնութիւն ցուցաբերելու, որպէսզի օժանդակեն կողմերուն՝ հասնելու երկարաժամկէտ համապարփակ կարգաւորման»: