ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 3 Հոկտեմբերին ընդունեց Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի պատուիրակութիւնը՝ կառոյցի նորանշանակ գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի գլխաւորութեամբ:
Նախագահը շնորհաւորեց Հայկակ Արշամեանը պատասխանատու պաշտօն ստանձնելուն առիթով եւ անոր մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանք:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցեր: