ՊԱԹՈՒՄ, «Հետք».- Պաթումի մէջ ընթացող ճատրակի համաշխարհային մրցումներու 9րդ փուլին, Հայաստանի տղամարդոց եւ աղջկանց հաւաքականները յաղթանակ արձանագրեցին:
Տղամարդոց հաւաքականը 2.5:1.5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հնդկաստանի հաւաքականը: Հայաստանի ընտրանիի կազմէն յաղթական միաւորը վաստակեցաւ Հայաստանի գործող ախոյեան, 18ամեայ Հայկ Մարտիրոսեան: Նածքան մրցումներու 9րդ փուլը, Հայաստանի հաւաքականը 13 միաւորով եւս 6 խումբերու հետ կը բաժնէր 3-9րդ հորիզոնականները, սակայն 9րդ փուլէն ետք արդէն իսկ 15 միաւոր ունեցող Հայաստանի ընտրանին կրնայ բարձրանալ մինչեւ երկրորդ հորիզոնական:
Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը 3:1 արդիւնքով յաղթանակ տարաւ Իրանի ընտրանիի նկատմամբ՝ ապահովելով 15 միաւոր: 9րդ փուլի աւարտին Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը նուազագոյնը 3րդ հորիզոնականը պիտի գրաւէ: