ԿՐԱՆԱՏԱ ՀԻԼԶ.- Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը Հոկտեմբեր 9ի երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին մէջ 45րդ ընտրատարածքը ներկայացնող անդամ Ճես Կապրիէլի հետ, Կրանատա Հիլզի Հայ կեդրոնին մէջ։
Կողմերը քննեցին շրջանի հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ առեւտուրի ընթացքին կրկնակի հարկումի խոչընդոտը վերցնելու կարեւորութիւնը։ Կապրիէլին փոխանցուեցաւ նաեւ ատրպէյճանական լոպիին ապատեղակատուական քայլերուն դէմ դնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ մանրամասնութիւններ՝ Արցախի տագնապին, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատի առաջնահերթ այլ հարցերու մասին։
Քննուեցաւ նաեւ կարեւորութիւնը խորհրդարանական գրա-սենեակին հետ յարաբերութեան սերտացման, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ հայ երիտասարդներու մասնակցութիւնը ապահովել անոր գրասենեակին կողմէ իրականացուող վարժողական ծրագիրներուն, նաեւ մաս դառնալով անոր անձնակազմին, ընտրատարածքին կամ Սաքրամենթոյի մէջ։
Իր կարգին, Կապրիէլ պատրաստակամութիւն յայտնեց ներկայանալու հայութեան կազմակերպած ձեռնարկներուն, նեռաեալ՝ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումներուն եւ Նաւասարդեան խաղերուն, ինչպէս նաեւ խոստացաւ նպաստել երիտասարդութիւնը քաղաքական դաշտ մղելու Հայ Դատի ջանքերուն։
Խորհրդարանականին հետ ժողովին մասնակցեցան՝ Քեւըն Պոյաճեան (ատենապետ), Օշին Յարութիւնեան, Ճեք Քայաճեան, Սարգիս Աբոշեան, Վլատ Մինասեան, Տիգրան Ունճեան, Գոռ Ադամեան, Մահէ Մելքոնեան (շրջանի ՀՅԴ կոմիտէին ներկայացուցիչ), Քրիս Քէօսեան եւ Կրեկ Մազմանեան։