ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութեան նիստին ընթացքին, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մանէ Թանդիլեան յայտնեց, թէ ընտանիքի մը երրորդ եւ յաջորդող զաւակներու ծննդեան համար յատկացուող գումարըը՝ ամսական 25,000 կը բարձրանայ 50,000 դրամի:
«Այսուհետեւ, գումարը կարելի է տնօրինել երեխայի ծննդեան պահէն սկսեալ», ըսաւ Թանդիլեան: Նախապէս, երեխայի մէկ տարին ամբողջանալէն ետք միայն կարելի էր կատարել այդ մէկը:
«Որոշումը կը միտի 3 եւ առաւել զաւակներ ունեցող ընտանիքներու ընկերային պաշտպանութեան մակարդակը բարձրացնել», նշեց Մանէ Թանդիլեան:
Որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ 2 Նոյեմբերէն սկսեալ: