ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց քրէական գործերով համաներում յայտարարելու մասին օրէնքի նախագիծը:
Նախագիծը առաջին ընթերցումով ընդունուած էր մէկ օր առաջ տեղի ունեցած արտահերթ նիստին ընթացքին:
Նշենք, որ նախագիծին կողմ քուէարկեցին 75 պատգամաւորներ, դէմ եւ ձեռնպահ քուէարկողներ չեղան: