ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մէջ զգալիօրէն նուազած է այն գումարը, զոր կը պահանջուի օտարներէն՝ հպատակութիւն ձեռք բերելու համար։ Համապատասխան յօդուածներով ու նախագահին որոշումով փոփոխութիւններ կատարուած են երկրի օրէնքներուն մէջ, որո նք 20 Սեպտեմբերին հրապարակուեցան կառավարութեան պաշտօնաթերթին մէջ։
Ստորեւ՝ Թուրքիոյ հպատակութիւն ստանալու պայմաններուն մէջ կատարուած փոփոխութիւնները.
– Օտար մը, որ նուազագոյնը 500,000 տոլարի ներդրում կատարած է տնտեսութեան մարզին մէջ։ 2016ին այդ գումարը 2 միլիոն տոլար էր։
– Օտար մը, որ առնուազն 250,000 տոլար արժող անշարժ կալուած մը ձեռք կը բերէ։ Նախապէս այդ պայմանը 1 միլիոն տոլար էր։
– Օտար մը, որ ներդրում կը կատարէ եւ այդ ներդրումին շնորհիւ նուազագոյնը 50 աշխատանքի առիթներ կը գոյանան։ Նախապէս այդ պայմանը 100 աշխատատեղի համար էր։
– Օտարներ, որոնք թրքական դրամատուներու մէջ 3 տարի շարունակ՝ նուազագոյնը 500,000 տոլար կը պահեն։ Նախապէս պայմանը 3 միլիոն տոլար էր։
– Օտար մը, որ 500,000 տոլարի պետական պարտատոմսեր կը գնէ, առնուազն՝ 3 տարուան ժամկէտով։ Նախապէս այս պայմանը 3 միլիոն տոլար էր։