ՀԱՅԿ ԳԱՅՍԵՐԵԱՆ
Ստորեւ թարգմանաբար հատուածներ կը հրատարակենք Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Հայկ Գայսերեանի վերոնշեալ խորագրով լոյս տեսած անգլերէն յօդուածէն.
Սեպտեմբերին կայացած Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները հաստատօրէն ապացուցեցին, որ Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդած ժողովրդային շարժումի հետեւորդները՝ Հանրապետութեան հրապարակը լեցնող, բոցաշունչ ճառախօսութիւններուն ոգեւորութեամբ արձագանգող, պարող հարիւրհազարաւոր մարմիններն են: Կան բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք միասին՝ կը հանդիսանան զօրաշարժի ենթարկուած զանգուածը ընտրողներու, որոնք պատրաստ են քուէարկելու եւ իրականացնելու իրենց ուզած փոփոխութիւնը…
Շատ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ նման ջախջախիչ արդիւնք ձեռք բերուի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն…
Այսուհանդերձ, յանուն հանրապետութեան մէջ ի վերջոյ հաստատուող ժողովրդավարութեան եւ ի հեճուկս մենիշխանութեան, քաղաքական միւս կուսակցութիւնները պէտք է ընդունին, որ Նոր Հայաստան ստեղծուած է, եւ պէտք է սկսին իրենց յետագայ ընելիքները յստակացնելու…
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մեծ դեր կը վերապահեմ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան կերտման գործին մէջ: Սակայն, Հայաստանի քաղաքական իրականութեան մէջ իր տեղն ու դերը արժեւորելու համար, անհրաժեշտ է, որ կուսակցութիւնը կատարէ որոշ փոփոխութիւններ:
Դաշնակցութեան կենսունակութեան չհաւատացողներուն ձայնը առաւել եւս բարձրացած է Երեւանի ընտրութիւններէն ետք, երբ Հայաստանի պետականութիւնը ստեղծող 128ամեայ կուսակցութիւնը քուէարկողներուն միայն 1.62 տոկոսը ապահովեց… իմ կարծիքով՝ այս արդիւնքը հետեւանք է Դաշնակցութեան՝ Սերժ Սարգսեանին ցոյց տուած զօրակցութեան մինչեւ իր հրաժարականի պահը…
Եթէ համամիտ էք, որ կուսակցութեան գործակցութիւնը ՀՀԿի հետ հիմնական պատճառն էր անոր դէմ ժողովրդական բացասական վերաբերմունքին, ուրեմն դուք համաձայն էք, որ կուսակցութեան ժողովրդականութեան անկումը անոր քաղաքական վարքագիծին պատճառով է, այլ ոչ անոր գաղափարախօսութեան, անոր արժէքային համակարգին, անոր պատմութեան: Եթէ ուրիշ որոշումներ առնուէին կամ առնուին ՀՅԴն կրնար եւ տակաւին կրնայ կարեւոր դեր ունենալ Նոր Հայաստանի մէջ հասուն ժողովրդավարութիւն ստեղծելու գործին մէջ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթներէն կը տեսնենք, որ ան գաղափարախօսութիւն չունի եւ որ (գաղափարախօութեանց) ժամանակը անցած է… Սակայն պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ այդպէս չէ եւ շուտով, երբ Փաշինեան իր տնտեսական ծրագիրը ներկայացնէ, յայտնի պիտի դառնայ իր դաւանած գաղափարախօսութիւնը: Արդէն իսկ անոր մօտեցումներուն վերաբերեալ որոշ ուրուագիծ մը կարելի է կազմել անոր ակնարկներէն:
Այստեղ է, որ Հայաստանի մէջ վերանորոգուած ՀՅԴի դերը կարեւոր կը դառնայ. ՀՅԴն՝ իր աւանդական կեդրոն-ձախ, ժողովրդավարական ընկերվարութեան սկզբունքներով, ՀՅԴն՝ իր երեսունէ աւելի երկիրներու մէջ ունեցած հազարաւոր անդամներ հաշուող կառոյցներով, համակիրներով, ուղեկից կազմակերպութիւններով, որոնք կրնան մեծապէս նպաստել Նոր Հայաստանին…
«Վերադարձ արմատներուն»: Այս պէտք է ըլլայ ՀՅԴի պատասխանը յետագայ ընելիքներուն մասին հարցումին: Հայաստան կարիքը ունի կուսակցութեան մը, որուն քաղաքականութիւնը կեդրոնացած պիտի ըլլայ աշխատաւորներու, փոքր ձեռնարկութիւններու, կանանց ու փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ, նոյն ատեն հաւատարիմ մնալով Արցախի եւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարին: Այս դերին մէջ Դաշնակցութիւնը մրցակից չ՛ունենար Հայաստանի մէջ: Այս քաղաքական գիծով, Դաշնակցութիւնը կը պարտադրէ Փաշինեանի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան ու միւս կուսակցութիւններուն՝ դիրք ճշդելու այս հարցերուն վերաբերեալ:
Եթէ կուսակցութիւնը պիտի վերադասաւորէ իր քաղաքական ուղղութիւնը, անիկա նախ պէտք է ընդունի, որ իր վարկը մեծ հարուած ստացած է… Իր համակիրներու զօրակցութիւնը վերստանալու համար՝ անիկա պէտք է ընդունի իր սխալները…
Ամէն կուսակցութիւն սխալական է, բայց միայն ՀՅԴի նման մեծ, իր պատմութեամբ հպարտ կուսակցութիւնը կրնայ իր մէջ գտնել խիզախութիւնը ինքզինք վերաքննելու եւ վերանորոգուելու:
Վերանորոգուած ՀՅԴն կրնայ օժանդակել Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան կառուցման գործին:
1-Կասկած չունեմ, որ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան կերտման գործի մէջ» մեծ դեր կարող է ունենալ:
2-Համաձայն չեմ, Դաշնակցութեան վարկի անկումը վերագրել միայն Ս.Սարգսեանի հետ ունեցած համագործակցութեան պատճառով:
Հայաստանում այսօր գրեթէ բոլորն են քննադատում Դաշնակցութեան: Քննադատողները երկու տեսակ են: Մէկ տեսակը՝ նրանք են, ովքեր լաւածանօթ են Դաշնակցութեան պատմութեանը և չեն սպասում և չեն ուզում տեսնել մեծ սխալներ: Այսպիսի տեսակը շատ քիչ են Հայաստանում և նրանց քննադատութեան ոճը շատ կոպիտ է (Դա Հայաստանցու ոճն է): Միւս տեսակը, որ մեծամասնութիւնն են կազմում, նրանք են, ովքեր Բոլշևիզմի սրսկածը տակաւին դուրս չէ հանուել իրենց ուղեղներից, այսինքն չեն ուզում ընդունել, որ Դաշնակցութիւնը հիմքը դրեց այսօրուայ անկախ Հայաստանի: Այս օրինակը միայն բերեցի, որպէսզի հստակ հասկացուի թէ ինչքան գիտեն Դաշնակցութեան մասին: Այստեղից է սկսւում Դաշնակցութեան ամենամեծ սխալը, որ վերանկախութեան հէնց սկզբնական օրերից երբ հաստատուեց Հայաստան, լուրջ աշխատանք չը տարաւ ժողովրդի մէջ մտնելու և փոխելու նրանց Բոլշևիզմեան մտայնութիւնը, հաւատալով, որ Հայաստանի բոլոր ժողովուրդը գրկաբաց կնդունի իրեն: հարկ եմ համարում կրկնել, Դաշնակցութիւնը չը մտաւ ժողովրդի մէջ:
Ուրեմն 1,62 տոկոսը միայն Ս.Սարգսեանի հետ համագործակցելու հետևանքը չէ: Յետադարձ ակնարկ նետելով անցեալ մի քանի ընտրութիւնների արդիւնքներին, կարող ենք տեսնել, որ շարունակ անկում է կրել: Բայց չենք կարող ժխտել, որ Ս.Սարգսեանի հետ համագործակցութիւնը առաւել իր ազդեցութիւնը թողեց, մինչև 1,62 տոկոսին հասնելը:
Ես 9 անգամ ճամբորդելով Հայաստան, բաւարար փորձն ունեցայ (մինչև անգամ 2006 թւականի ընտրութիւնների քարոզարշաւներին շատ կարճ ժամանակահատուածում մասնակցելով), շփուելով ժողովրդի հետ շօշափել նրանց մտածելակերպը: Հայաստանում պարզ ժողովուրդը տակաւին հստակ պատկերացում չունի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մասին, յատկապէս իր գաղափարախօսութեան և Ծրագրի մասին: Շատերը Դաշնակցութեանը ճանաչում են յեղափոխական երգերի շարանով միայն:
3-Չեմ հասկանում «վերադարձ արմատներին»ը ինչ է նշանակում: Դաշնակցութիւնը ունի շատ հստակ գաղափարախօսութիւն և ծրագիր: Այդ զէնքով է, որ պէտք է մտնի ժողովրդի մէջ, ոչ թէ լոզունքներով: Շարունակ կրկնելով թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը «Հզօր է» կամ «Դաշնակցութիւնը կայ ու կմնայ», կամ Յեղափոխական երգերի համերգներ կազմակերպելով բացի որ անմիջական պահի ոգևորութիւն է ստեղծում որև հիմնական ու դրական ազդեցութիւն չի թողնելու ժողովրդի վրայ: Մինչև անգամ կարող եմ համարձակ ասել, որ Հայաստանում Դաշնակցութեան շարքերում, ոչ բոլորն են որ լաւածանօթ են Դաշնակցութեան 128 ամեայ գործունէութեան հետ, յատկապէս երիտասարդութեան մէջ: Տակաւին չեմ խօսում Սփիւռքի մէջ իր գործելաոճի մասին:
Հիմա հարցում ունեմ ուղղելու յարգելի յօդուածագրին.
Արդեօք կարող ենք հրապարակաւ խօսել Դաշնակցութեան սխալների մասին.
Երկրորդ՝ Դաշնակցութեան ղեկավարները որտեղ պէտք է արտայայտուեն, որ սխալներ են գործել: Հրապարակաւ թէ փակ դռներից ներս: