«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Անցեալ Ուրբաթ, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ մինչեւ Երկուշաբթի արձակուրդի մէջ պիտի ըլլայ՝ կտրուելով բոլոր գործերէն: «Ձեր թոյլտուութեամբ՝ ինձ թոյլ եմ տալիս փոքրիկ արձակուրդ», գրած էր Փաշինեան իր «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ:
Բոլոր գործերէն կտրուելու ցանկութիւնը Փաշինեան իրականացուց Հայոց բանակի զինուորներու հետ ըլլալով, անոնց առօրեային, կարիքներուն ծանօթանալով: Արձակուրդ կ՛առնես հանգստանալու համար: Հայ զինուորներու ինքնավստահ դէմքերը տեսնելո՛վ նաեւ կարելի է հանգստանալ: Արձակուրդը Արցախի մէջ անցընելը ինքնին արժէքաւոր պատգամ մը կը փոխանցէ: