ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Երեքշաբթի, 13 Նոյեմբերին ընդունեց Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) անդամ պետութիւններու արտակարգ եւ լիազօր դեսպանները:
Փաշինեան նշեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու զարգացումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է եւ ընդգծեց Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին կարեւորութիւնը:
Ըստ Փաշինեանի՝ համաձայնագրի իրականացման ճանապարհային քարտէսը արդէն իսկ մշակուած է: Վարչապետի պաշտօնակատարը աւելցուց, որ Հայաստան այսօր կը գտնուի պատմական փոփոխութիւններու փուլին մէջ, իսկ բարեփոխումները ուղղուած են ժողովրդավարութեան, տնտեսութեան զարգացման, կաշառակերութեան դէմ պայքարին, արդարադատութեան համակարգի արդիականացման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ապահովման, խօսքի ազատութեան ամրապնդման եւ այլ ուղղութիւններուն:
Բոլոր փոփոխութիւնները եւ բարեփոխումները հիմնուած են հասարակական պահանջի վրայ:
Կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնակատարը կարեւոր համարեց ԵՄի կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուող աջակցութիւնը:
Անդրադառնալով Դեկտեմբերին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Փաշինեան ընդգծեց, որ անոնք կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենան մեր երկրի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման համար:
«Նոր խորհրդարանը եւ կառավարութիւնը կառուցուած կը լինեն հանրային լայն աջակցութեան եւ վստահութեան վրայ, ինչը կ՛օգնի աւարտին հասցնել թաւշեայ յեղափոխութիւնից սկսած գործընթացը: Շնորհակալութիւն եմ յայտնում ընտրութիւնների կազմակերպման հարցում ԵՄ աջակցութեան համար: Մենք պատրաստւում ենք մեր քաղաքական եւ տնտեսական ինստիտուտների բարեփոխմանն ուղղուած ծրագրերին: Սակայն, ձեր օգնութիւնը կ՛օգնի մեզ լրացնել գոյութիւն ունեցող կարողութիւնները, որպէսզի բարեփոխումներն աւելի արդիւնաւէտ լինեն: Պատահական չէ, որ այսօր, երբ մենք արդէն նշանակալի առաջընթաց ենք գրանցել ժողովրդավարութեան ամրապնդման գործում, մեր հասարակութիւնն եւրոպական գործընկերներից ակնկալում է աւելի մեծ աջակցութիւն», ըսաւ Փաշինեան:
կարեւոր է որ այս պարաքային սորվինք Հրիայ ղեկաւարութենէն: Այսինքն օգտվիլ բոլորէն առանց ստրկանալու օտարին: Մեր պարաքաին, միմիայն վստահիլ Հայ ժողվուրդին լաւ խաւին և ասգասէր ոյժին: