ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի ծերակոյտի հայ անդամ Տանիէլ Ղազարեանի համաձայն՝ Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտի 100ամեակը մեծ կարելիութիւն էր յիշելու խաղաղութեան արժէքը: Այս մասին ան յայտնեց «Թերթ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին:
Ֆրանսահայ ծերակուտականը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին, որ այն ժամանակներուն մէջ, երբ կը թուի, թէ բազմակողմանիութիւնը կորսնցուցած է իր կշիռը, ան կարեւոր նկատեց օրուան կարելիութիւնը՝ հաւաքելով բոլոր պատերազմող կողմերը՝ նշելու դիւանագիտութեան յաղթանակը ուժի կիրարկման դէմ:
«Դերակատար մը բացառելը այդպիսի զգացողութիւն չէր յառաջացներ եւ հակասական պիտի ըլլար վեհաժողովի ոգիին», ըսաւ ան՝ նկատել տալով, որ ներկայ էր միայն մէկ երկիր, որ չի հաշտուիր իր սեփական պատմութեան հետ, եւ այդ երկիրը Թուրքիան էր:
Ըստ Տանիէլ Ղազարեանի՝ Երիտասարդ թուրքերու կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը իսկապէս մինչեւ հիմա Թուրքիոյ դիւանագիտութեան առանձնայատկութիւնն է եւ ազգայնականութեան հիմքը: «Այդ առումով, Թուրքիան պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուէր ցեղասպանութեան նիւթով վեհաժողովին եւ քննադատուէր իր ներկայ վարքագիծին համար», ըսաւ Ղազարեան:
Ղազարեան ապա նշեց, որ ինք կ՛ակնկալէ, որ նախագահ Մաքրոն շատ ամուր պիտի ըլլայ Թուրքիոյ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութեան դէմ:
«Ան պէտք է յստակ դարձնէ, որ խաղաղութեան վեհաժողովը Թուրքիոյ համար իր անցեալէն հեռանալու ուղի չէ, այնպէս որ խաղաղութեան տօնակատարութիւնը կարելի է միայն, եթէ բոլոր դերակատարները ճանչնան իրենց գործողութիւններու իրականութիւնը: Ես նաեւ յոյս ունիմ, որ կառավարութիւնը իր դաշնակիցներուն հետ ետ պիտի մղէ այն ճնշումներն ու սպառնալիքները, որոնց հետ կ՛առերեսուին Եւրոպայի մէջ Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմացողները», ըսաւ Տանիէլ Ղազարեան՝ նշելով, որ այդ ալ հիմնականին մէջ ան փորձած է ներկայացնել նախագահին ուղղուած բաց նամակին մէջ: