ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Կիրակի, 11 Նոյեմբերին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ գիրքի համահայկական 39րդ ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը:
Յետ Ս. եւ անմահ պատարագին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ ցուցահանդէսին տաղաւարը: Վեհափառը տաղաւարի մուտքին դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄի շեփորախումբին կողմէ եւ պաշտօնական բացումը կատարեց ցուցահանդէսին:
Իր պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ հայ գիրքը արժէք է հայ մարդուն համար, իսկ արժէքը նուիրական նշանակութիւն եւ իւրայատուկ կարեւորութիւն ունեցող բարոյական, իմացական եւ գեղարուեստական խորհրդանիշ մըն է, որ անհատի, կազմակերպութեան կամ ընկերութեան մը կեանքը կը ղեկավարէ եւ անոնց յաւերժութիւնը կ՛երաշխաւորէ: Վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ առանց արժէքներու կենսագործող առկայութեան, մարդկային կեանքը դատապարտուած է կորսնցնելու իր որակն ու խորքը, իւրայատկութիւնն ու ուղղութիւնը:
«Մարդկային հասարակաց ու ընդհանրական արժէքներուն առընթեր, իւրաքանչիւր կրօն կամ ազգ ունի իր արժէքներու համակարգը: Քրիստոնէութեան արժէքները իր կեանքին միախառնած հայ ժողովուրդին համար արժէք է եկեղեցին ու նաեւ՝ անոր հոգեմտաւոր արժէքներուն պաշտպանը դարձած հայրենիքը, մշակոյթը, լեզուն ու ընտանիքը: Այս արժէքներն են, որոնք մեր ժողովուրդի գոյապայքարը լիցքաւորեցին հաւատքով ու վճռակամութեամբ», ըսաւ վեհափառը՝ ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդին համար, մշակութային արժէքներուն կողքին, իր ուրոյն տեղն ու դերը ունի գիրքը:
Հայրապետը յայտնեց, որ հայ գիրքը հաւաքական յիշողութեան գանձարան է, որովհետեւ հոն կ՛արտայայտուին հայուն կանչն ու տագնապը, երգն ու վէրքը. «Հոն ապրող ու ապրեցնող ներկայութիւն են մեր գերագոյն արժէքները՝ եկեղեցին ու Հայաստանը, մեր ազգն ու պատմութիւնը՝ իրենց անցեալով, ներկայով ու ապագայով»: Ապա, վեհափառ հայրապետը թելադրեց հայ գիրքին մօտենալ երկիւղածութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ, որովհետեւ հայ գիրքէն հեռանալ կը նշանակէ հեռանալ հայութենէն:
Աւարտին, դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը ներկաներուն հրամցուց փունջ մը ազգային ու հոգեւոր երգեր:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 2 Դեկտեմբեր 2018։