ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- 20 Նոյեմբերին, Սան Ֆրանսիսքոյի դաշնակցային ատեանի դատաւոր մը հակաօրինական համարեց նախագահ Տանըլտ Թրամփի մէկ հրամանագիրը, առնուազն մինչեւ 19 Դեկտեմբեր սառեցնելով անոր գործադրութիւնը։
Այս անգամ խնդրոյ առարկայ հրամանագիրը, որ ստորագրուած էր 9 Նոյեմբերին, կ՛արգիլէր ապաստան տալ այն անձերուն, որոնք Միացեալ Նահանգներ մուտք կը գործեն առանց անցնելու պաշտօնական սահմանային անցքերէն։
Դատաւոր Ճան Թիկար իր որոշումին մէջ քննադատեց նախագահը՝ շեշտելով, որ ան չի կրնար ինքնագլուխ կերպով երկրին գաղթականական օրէնքները փոխելու փորձ կատարել, յիշեցնելով, որ նման որոշումներ կը տրուին երկրին օրէնսդիր մարմիններուն կողմէ։
Նշենք, որ վերջերս այլ ատեան մը Թրամփին դէմ վճռած էր՝ պահանջելով Սպիտակ տունէն, որ «Սի.Էն.Էն.»ի լրագրող Աքոսթային վերադարձնէ Սպիտակ տունէն լրատուութիւն կատարելու արտօնագիրը, որ անկէ խլուած էր գաղթականներու հարցով նախագահին եւ լրագրողին միջեւ թէժ բանավէճէն ետք։