ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոյանձնաժողովը արձագանգած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութեան, թէ Անգարա պարտաւոր չէ գործադրելու քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Սալահէտտին Տեմիրթաշը բանտէն անյապաղ ազատ արձակելու վերաբերեալ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) վճիռը:
Եւրոյանձնաժողովը յոյս յայտնած է, որ Թուրքիա կարելի եղածին չափ շուտ կը գործադրէ առաջադրուած պահանջը:
Միւս կողմէ, Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Լիլիան Մաուրի Փասքեր շեշտած է, որ Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանի անդամներու կալանաւորումը կ՛ազդէ ո՛չ միայն անոնց, այլ նաեւ ամբողջ խորհրդարանի ազատ եւ ժողովրդավար պայմաններու մէջ գործունէութեան վրայ, ինչպէս նաեւ սպառնալիք է ամբողջ երկրին մէջ ժողովրդավարական արժեչափերու տարածման:
ՄԻԵԴի որոշումին համաձայն՝ Տեմիրթաշի կալանաւորման համար ներկայացուած հիմքերը բաւարար չեն: Ան պէտք է ազատ արձակուի, իսկ Թուրքիոյ իշխանութիւնները 25,000 եուրօ վնասուց հատուցում պէտք է վճարեն անոր: