ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբայրը՝ Ալեքսանդր Սարգսեան պատրաստակամութիւն յայտնած է իր դրամատնային հաշիւներէն մէկուն մէջ գտնուող 30 միլիոն տոլար գումարը ամբողջութեամբ վերադարձնել պետական պիւտճէ: Այս մասին յայտարարեց Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, Իջեւանի բնակիչներու հետ հանդիպման ընթացքին:
«Սերժ Սարգսեանի եղբօր՝ Ալեքսանդր Սարգսեանի բանկային հաշիւներից մէկի վրայ 30 միլիոն դոլար ունենալու վերաբերեալ բազմիցս խօսուել է: Իմ ելոյթից յետոյ Սերժ Սարգսեանի եղբայրը յայտարարութիւն էր արել, որ ինքը պատրաստ է այդ գումարի առնուազն մի մասը ինչ-որ նպատակների համար տրամադրել: Եւ ինձ ասում են, որ նա վերջերս պատրաստակամութիւն է յայտնել այդ ողջ 30 միլիոն դոլարը վերադարձնել պետական բիւջէ», ըսաւ Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ վերադարձուած գումարները պէտք է առաջին հերթին ծախսուին բանակին վրայ:
Իջեւանի մէջ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց նաեւ, որ Մաքսային ծառայութեան նախկին պետ Արմէն Աւետիսեանի ընտանիքը դիմած է Պետական գոյքի կառավարման վարչութիւն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած Ծաղկաձորի մէջ գտնուող «Գոլդեն Փելես» հիւրանոցը նուիրելու պետութեան:
Յիշեցնենք, որ այդ հիւրանոցը, ըստ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հաղորդագրութեան, կը պատկանի Արմէն Աւետիսեանի զաւակին՝ Արտաշէս Մինասեանին: Արմէն Աւետիսեանի նկատմամբ դրամի լուացման դէպքին առիթով քրէական գործ յարուցուած է: