ԼԱ ՎԸՐՆ, Քալիֆորնիա.- Մելքոնեան կրթական հիմնարկութեան շրջանաւարտներու եւ բարեկամներու վարչութիւնը որոշած է 2019ին, Զօհրապ եւ Անահիտ Շէմմասեան կրթանպաստի հիմնադրամէն տրամադրել 4 կրթանպաստներ, որոնցմէ երկուքը պիտի տրուին Մարտին, իսկ միւս երկուքը՝ Նոյեմբերին։
Այս նպատակով, արդէն իսկ 5000 տոլար փոխանցուած է Վենետիկի «Պօ-Արաքս» մշակութային ընկերակցութեան, հայ մշակոյթով հետաքրքրուած ուսանողներուն համար։
Կը խնդրուի դիմումնագիրները յղել մինչեւ 15 Դեկտեմբեր, rzinzalian@laverne.edu հասցէին։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է դիմել վերոնշեալ հասցէին։